ԹՈՒՄՕ-ի Սաները ԱՄՆ-ի Մէջ Կայացած Ռոպոթաշինութեան Միջազգային Ողիմպիական Խաղերուն Պրոնզէ Մետալ Շահած Են

Ուաշիկնթընի մէջ ռոպոթաշինութեան միջազգային ողիմպիական FIRST Global խաղերուն Հայաստան ներկայացնող խումբը գրաւած է երրորդ տեղը` արժանանալով պրոնզէ մետալի:

Ռոպոթաշինութեան միջազգային ողիմպիական խաղերուն կը մասնակցէին խումբեր աշխարհի 163 երկրէ: Հայաստան կը ներկայացնէին ԹՈՒՄՕ ստեղծարար արհեստագիտութիւններու  կեդրոնի սաները:

Այս տարի խաղերու մասնակիցներուն  առաջադրանք  տրուած էր նախագծել իրենց ռոպոթը, որ կը կարենայ իրականացնել  շարք մը ճարտարագիտական խնդիրներ` կապուած «Մաքուր ջուրի հասանելիութիւն ունենալու» հետ, ինչպէս նաեւ կը կարենայ համագործակցիլ ռոպոթներու միջազգային դաշինքներու հետ, կը գրէ Արմէնփրեսը:

Հայաստանի մասնակիցները զիջեցին միայն Եւրոպայի հաւաքական խումբին եւ Լեհաստանի խումբին: Խումբի անդամներն են 14-18 տարեկան թումոցիներ Լեւոն Պալակէօզեան, Մարիա Տէր-Մինասեան, Դաւիթ Յովհաննիսեան, Տիգրան Կիրակոսեան, Արամ Մադանցեան, Լիլիթ եւ Աշոտ Թառումեանները եւ անոնց ղեկավար, ԹՈՒՄՕ-ի ռոպոթաշինութեան դասընթացավար Հայկ Ոսկանեան: Յաղթանակած խումբը Երեւան պիտի ժամանէ յուլիս 21-ին ժամը 13:45-ին:

Scroll Up