Հայկական Տոլմայի Փառատօն-Մրցոյթ` Թիֆլիսի Սուրբ Գէորգ Եկեղեցւոյ Բակին ՄԷջ

Թիֆլիսի Սուրբ Գէորգ առաջնորդանիստ եկեղեցւոյ բակին մէջ յուլիս 16-ին կայացած է հայկական տոլմայի աւանդական փառատօն-մրցոյթ, որ իրականացուած է Վրաստանի հայ կանանց «Շուշանիկ» միութեան նախաձեռնութեամբ, Վիրահայոց թեմի առաջնորդարանի հովանաւորութեամբ, «Հայարտուն» կեդրոնի եւ անհատ բարերարներու աջակցութեամբ:

Վիրահայոց թեմի կայքի հաղորդմամբ` արդէն բարի աւանդոյթ  դարձած է Թիֆլիսի մէջ փառատօնի միջոցով ներկայացնել եւ ժողովրդականացնել հայկական համեղ եւ առողջարար կերակրատեսակները: Այս անգամ տոլման էր:

Տոլմայի փառատօնը տարիէ տարի կ´ընդարձակէ իր շրջանակները: Մասնակիցներուն թիւը 40 էր, իսկ ներկայացուած կաթսաները` 50-է աւելի էին: Բացի «Շուշանիկ» միութեան անդամներէն, փառատօնին կը մասնակցէին «Հայարտուն» կեդրոնի ստեղծագործական խումբերը, Սուրբ Գէորգի եկեղեցասէր կանանց միութիւնը, Ռուսթաւի Սբ. Գրիգոր Նարեկացի կեդրոնը, թիւ 104 հայոց դպրոցը, «Վրաստան» թերթը, «Վանք» համոյթը, քաղաքի առաջատար ճաշարաններ: Իւրաքանչիւր մասնակից ներկայացուցած էր տոլմայի առնուազն երեք տարատեսակ, որոնք տարբեր մտայղացմամբ  եւ գեղեցիկ ձեւաւորուած էին:

Մրցոյթին ներկայ  եղած են տեղացիներ, հիւրեր Հայաստանի եւ Վրաստանի տարբեր քաղաքներէ, այլազգիներ, զբօսաշրջիկներ` համտեսելու եւ գնահատելու տոլման:

Մինչ յատուկ հրաւիրուած Հայաստանի խոհարարներու ընկերակցութեան նախագահ Սեդրակ Մամուլեան՝ իր շքախումբով՝ կը գնահատէր ներկայացուած տոլմայի տարատեսակները, հանրութեան հիւրասիրութիւնը ուղեկցուեցաւ ուրախ համերգով, որուն մասնակցեցան Վիրահայոց թեմի «Հայարտուն» կեդրոնի ստեղծագործական խումբերը, «Վանք» պարախումբը, Հայաստանէն ժամանած շնորհալի երգիչ Հայկ Մխէյեանը եւ այլ անհատ կատարողներ:

Scroll Up