Հ. Բ. Ը. Մ.Պօղոս Գ. Կարմիրեան Վարժարանի Մանկապարտէզի Ամավերջի Հանդէս
Կիրակի, 18 Յունիս 2017ին,տօնական մթնոլորտ կը տիրէր Հ.Բ.Ը.Մ.ի Պօղոս Գ. Կարմիրեան ՎարժարանիՄանկապարտէզէն ներս, ուր աշակերտները կանուխէն ժամանած էին նկարուելու եւ հանդիսութեան պատրաստուելու համար:
Վարժարանիս գեղեցկօրէն յարդարուած սրահը հետզհետէ կը լեցուէր խուռներամ բազմութեամբ ծնողներու եւհարազատներու, որոնք կը փութայինդիտելու Մանկապարտէզի Վկայականաց Բաշխման Հանդէսը, հովանաւորուած Հ. Բ. Ը. Մ.ի Լիբանանի Կրթական Յանձնախումբին կողմէ:
Լիբանանի, Հայաստանի ու Հ.Բ.Ը.Մ.ի քայլերգներու յաջորդական ունկնդրութենէն ետք բեմահարթակ բարձրացան Ծիլ դասարանցիները, միանալու Մանկապարտէզի միացեալ երգչախումբին, ներկայացնելու եօթ հրաշալիերգեր՝ «Իմ Երկրի Վրայ Շողում Է», «Ամենալաւ Մայրիկը», «Գետաշէն» եւայլն: Մանկական երգը հնչեց զիլ ու անկաշկանդ, հայերէն, արաբերէն եւ անգլերէն, մեծ հաճոյք պատճառելով ներկաներուն:
Ծափահարութիւններու առաջին ալիքէն ետք խօսք առաւ Մանկապարտիզպանուհի Օրդ. Սոնիա Տեյիրմենճեանը, որ դրուատեց անցնող տարուան իրադարձութիւնները, անդրադարձաւԿարմիրեան վարժարանի կրթական առաքելութեան արդիական միջոցներուն մասին եւշնորհաւորեցշրջանաւարտները: Աւարտին հրաւիրեց ծնողները պահպանելու հայոց ընտիր լեզուն, հարուստ մշակոյթն ու նուիրական ժառանգութիւնները, որոնք կը կազմաւորեն հայու նկարագիրն ու ապրելակերպը եւ կը հանդիսանան պատգամը գալիք սերունդներուն:
Յայտագիրը շարունակեց իր հեզասահ ընթացքը եւ քանի որ հանդէսին խորագիրը «Փայլուն Աստղեր» էր, երեխաները բեմին վրայ սկսան ցուցադրել իրենց զանազան ձիրքերը: Մարզիկը, պարուհին, խոհարարը, ղեկավարը, երգիչը, գծագրիչը, նկարիչը, դերձակուհին… փոքրիկ ներկայացումներ իրարու յաջորդեցին ու զարմանալի էր, թէ փոքրիկները ինչպէս ըմբռնած եւ ինչպիսի հարազատութեամբ կը խաղային իրենց դերերը:
Հանդիսութեան ընթացքին խանդավառ պարով ելոյթ ունեցան Ծիլ դասարանցիները,արժանանալով սրահի ջերմ ծափողջոյններուն:
Բողբոջ դասարանցիներըսիրուն տարազներով ներկայացուցին եւրոպական պար մը, որուն յաջորդեցին «Ամառ» և «Օդանաւ» խմբային արտասանութիւնները:
Կոկոն դասարանցիները գունագեղ զգեստներովհրամցուցինհնդկական պար մը,որուն յաջորդեցին հայրիկին ու մայրիկին նուիրուած արտասանութիւններ:
Ծաղիկ դասարանցիները՝ օրուան փայլուն աստղերը հանդէս եկան«Fireball»եւ հայկական պարերով, որոնց յաջորդեցին Հայաստանի, Լիբանանի ու համայն մանուկներուն նուիրուած արտասանութիւններ՝ հայերէն, արաբերէն եւ անգլերէն լեզուներով:
Հիանալի ճկունութեամբ հնչեցին անգլերէնն ու արաբերէնը, քաղցր եւ դիւթիչ հայերէնի կողքին, ինչ որ ցոյց տուաւ թէ աշակերտները ամբողջ տարուան ընթացքին շատ լաւ սորված եւ իւրացուցած էին ամէն ինչ: Միւս կողմէ, տարազներու բծախնդիր ընտրութիւնը աւելի արտայայտիչ ու տպաւորիչ դարձուցին հայկականթէ օտար պարերը:
Վկայականներու բաշխումէն առաջ բեմ բարձրացաւ Հ.Բ.Ը.Մ.ի Պօղոս Գ. Կարմիրեան վարժարանի Տնօրէնուհի՝ Տիկ. Մարալ Պալեօզեանը, որ խօսեցաւՀ.Բ.Ը.Մ.ի Լիբանանի Վարժարաններու վերջին տարիներու շինիչ իրագործումներուն եւ ipad-ի գործածութեան մասին:2017ի վերամուտին Ա. դասարանի դասընթացքին մեծագոյն բաժինը պիտի ընթանայ արդիական ipad գործիքով,որ պիտի փոխարինէ դպրոցական ծանր պայուսակը, ընդգրկելով դաստիարակչական խաղեր, որոնք ուսուցումը աւելի եւս հրապուրիչ պիտի դարձնեն: Տիկ. Պալեօզեան եզրափակեց իր խօսքը շնորհակալութիւն յայտնելով Հ.Բ.Ը.Մ.ի Լիբանանի Կրթական Յանձնախումբին սոյն ծրագրի իրականացման համար:
Վերտիի աւանդական դարձած երաժշտութեան հնչիւններով սրահ մուտք գործեցինշրջանաւարտները, որոնցմէ Շանէլ Էլսուէյտին համարձակօրէն արտասանեց հայերէն ուղերձը, արժանանալով ներկաներուն բուռն ծափահարութիւններուն:
Վկայականներու տուչութիւնըկատարուեցաւ ձեռամբ Հ.Բ.Ը.Մ.ի Լիբանանի Կրթական Յանձնախումբի ներկայացուցիչ՝ Տիկ. ՍինթիաՄենտիլեանի, Կարմիրեան բարերար ընտանիքի դուստր՝ Տիկ. Սոնիա Զաւզաւաթճեանի, Հ.Բ.Ը.Մ. վարժարաններու Ընդհանուր Տնօրէն՝ Պրն. Արա Վասիլեանի, Հ.Բ.Ը.Մ.ի Պօղոս Գ. Կարմիրեան վարժարանի Տնօրէնուհի՝ Տիկ. Մարալ Պալեօզեանի ու Մանկապարտիզպանուհի՝ Օրդ. Սոնիա Տեյիրմենճեանի:
Փակման պարին մասնակցեցան Մանկապարտէզի բոլոր աշակերտները, որոնք ինքնավստահ եւ հաստատ քայլերով հեռացան սրահէն:
Այս ուրախառիթ հանդիսութեան աւարտին, դպրոցի գետնայարկ տարածքին վրայ տեղի ունեցաւտօնական կարկանդակին հատումը: Այնուհետեւ, յիշատակի նկարներ առնուեցան, զուարճութեան արտայայտութիւններ, գովասանքներ ու շնորհաւորական խօսքեր փոխանցուեցան: Բոլորը գոհ էին եւ զուարթ:
Լաւ գործ մը կատարած ըլլալու գոհունակութեամբ եւ նորանոր նուաճումներ արձանագրելու ակնկալութեամբ, բարի երթ կը մաղթենք մեր սիրելի վարժարանին ու անոր Մանկապարտէզին:
Վարձքը կատար բոլորին:
Սոնիա Տեյիրմենճեան