Մեսրոպեանի Աշակերտները Պատուաբեր Արդււնքներ Արձանագրեցին Թէքնիք Պաքալորէայի Քննութիւններուն
![](https://old.hayernaysor.am/wp-content/uploads/2017/07/8392e65f-b442-476e-a483-db3a87a332d6.jpg)
Հայ կաթողիկէ Մեսրոպեան Արուեստից վարժարանը փայլուն յաջողութիւն արձանագրեց 2016-2017 տարեշրջանի Թէքնիք Պաքալորէայի պետական քննութիւններուն:
Վարժարանի Թէքնիք Պաքալորէայի դասարանէն քննութիւններուն ներկայացան 29 աշակերտներ՝ երեք տարբեր մասնագիտութիւններով:
Ամբողջական յաջողութիւն արձանագրեցին Համակարգիչի ու Հաշուապահութեան ինչպէս նաեւ Հիւրանոցային Կառավարման 24 աշակերտները:
Պատուաբեր արդիւնք ձեռք բերին նաեւ մանկավարժութեան դասարանի ուսանողները. քննութեան ներկայացան 5-ը, որոնցմէ 4-ը յաջողեցան:
Այսպիսով, 2016-2017 տարեշրջանի Հայ կաթողիկէ Մեսրոպեան Արուեստից վարժարանի 29 աշակերտներէն 28-ը յաջողեցան Թէքնիք Պաքալորէայի պետական քննութիւններուն, հաստատելով յաջողութեան 96,55 առ հարիւր համեմատութիւն:
Մեսրոպեան Արուեստից վարժարանի տնօրէնութիւնը այս յաջողութեան առիթով կը շնորհաւորէ աշակերտները, խնդակցութիւն կը յայտնէ անոնց ծնողներուն եւ գնահատանք կ՛ուղղէ վարժարանի ուսուցիչներուն՝ անոնց կատարած աշխատանքին համար:
Տնօրէնութիւն
Հայ կաթողիկէ Մեսրոպեան Արուեստից վարժարանի