Մեսրոպեանը Բ. Դիրքը Գրաւեց Hands-On-Stem Գիտական Մրցոյթին
![](https://old.hayernaysor.am/wp-content/uploads/2017/07/մեսրոպյան1-300x225.jpeg)
Հայ կաթողիկէ Մեսրոպեան բարձրագոյն վարժարանի աշակերտական խումբը Բ. դիրքը գրաւեց գիտական աշխատանքի մրցոյթին, որ կայացաւ Hands-on STEM ծրագրի շրջանակներուն մէջ: Մրցոյթի նախապատրաստական աշխատանքները ընթացած էին անցած տարեշրջանի գրեթէ ամբողջ տեւողութեան, հսկողութեամբ գիտութեան ուսուցիչ պարոն Գրիգոր էքմէքճեանի:
Մրցոյթին արդիւնքները ամփոփուեցան 6 Յուլիսին, Լիբանանեան համալսարանի Գիտութեանց կաճառին մէջ, Ֆանար: Կը մասնակցէին լիբանանեան 8 դպրոցներ: Մեսրոպեանի աշակերտները ներկայացուցած էին տարեց մարդոց համար դեղերու հայթայթման արագ եւ դիւրին համակարգ մը՝ շարժական դեղարան, որ շատ չնչին տարբերութեամբ զիջեցաւ առաջին դիրքը գրաւած աշխատանքին: Մրցոյթ-ցուցահանդէսին ներկայ էր Մեսրոպեանի տնօրէն պարոն Կրէկուար Գալուստ, որ շնորհաւորեց աշակերտները եւ յորդորեց անոնց շարունակել աշխատիլ այս յոյժ կարեւոր ծրագրի զարգացման ուղղութեամբ:
Hands-on STEM-ը գիտա-կրթական կազմակերպութիւն է, որուն հետ Մեսրոպեան վարժարանը անցած տարեշրջանին հաստատեց գործընկերութիւն: Կազմակերպութիւնը կը միտի զարգացնել լիբանանցի աշակերտներուն գիտելիքները՝ գիտութեան, արհեստագիտութեան, ճարտարագիտութեան եւ ուսողութեան մարզերուն մէջ: Ծրագիրը Լիբանանի մէջ կը գործադրուի յաջորդաբար երկրորդ տարին ըլլալով: Անոր նպատակն է լիբանանեան դպրոցներուն մէջ յառաջացնել STEM (Science, Technology, Engineering, and Mathematics) ակումբներ եւ այդպիսով նպաստել աշակերտներու զարգացումին:
Տեղեկատուական գրասենեակ
Հայ Կաթողիկէ Մեսրոպեան Բարձրագոյն Վարժարանի