«Հետս Պիտի Տանիմ Հայաստանի Սէրը». Շուէտաբնակ Ուսուցիչ Յարութ Էքիզեան
ՀՀ սփիւռքի նախարարութեան «Սփիւռք» ամառնային դպրոց ծրագիրի ծիրէն ներս նախապատրաստական եւ տարրական դպրոցներու ուսուցիչներու վերապատրաստման դասընթացներուն մասնակցող սփիւռքահայ ուսուցիչներէն Յարութ Էքիզեանի հետ զրուցած է «Հայերն այսօր»–ի թղթակիցը:
-Պարո՛ն Էքիզեան, ո՞ւր եւ ի՞նչ առարկայ կը դասաւանդէք:
-Ես Լիբանան ծնած եմ, բայց արդէն 35 տարի է, որ կ’ապրիմ եւ կ’աշխատիմ Շուէտի Ուփսալա քաղաքին մէջ, ուր ունինք մեր հայկական կիրակնօրեայ դպրոցը, եկեղեցին, աւելի ճիշդ` ամիսը անգամ մը կը վարձենք շուէտական եկեղեցին եւ պատարագ կը մատուցենք: Ես դպրոցի տնօրէնն եմ, նաեւ ուսուցչութիւն կ’ընեմ Լերնիայի շուէտական աւագ դպրոցին մէջ. ելեկտրական տեխնիկայի դասեր կու տամ շուէտերէնով:
-Ին՞չ տուաւ Ձեզի «Սփիւռք» ամառնային դպրոցը, ի՞նչ հարցերու պատասխաններ ստացաք:
-Հարցերէն մէկը մտածելակերպն է, որ տարբեր է Շուէտ ապրող ու դասաւանդող ուսուցիչներու մտածելակերպէն: Դասընթացքը բաւականին լաւ նախապատրաստուած է, եւ ակնկալիքներս արդարացան: Միշտ ալ իրարմէ սորվելու բան կայ: Այսպիսի դասընթացքի առաջին անգամ կը մասնակցիմ, իսկ Հայաստան երկրորդ անգամ կ’այցելեմ:
-Պարո՛ն Յարութ, ի՞նչ կայ Հայաստան, որ չկայ Շուէտի մէջ եւ հակառակը…
-Հայաստանի մէջ կայ արեւ, ջերմութիւն, որ չկայ Շուէտի մէջ. այստեղ շուրջբոլորդ հայեր են եւ կը խօսին հայերէն: Ցաւալի է սակայն, որ խանութներու ու այլ շինութիւններու վրայ աւելի շատ անգլերէնով գրուած է. մնացած ամէն ինչ կը խօսի հայերէն: Սիրտս կը լեցուի, երբ զիս կը բարեւեն հայերէն:
-Ին՞չ պիտի տանիք Ձեզի հետ Հայրենիքէն:
-Հետս պիտի տանիմ Հայաստանի սէրը, արեւահամ միրգերու բոյրը, հայկական մտածելակերպը. ցանկութիւն ունիմ կրկին գալու Հայաստան, մշտապէս կապ ունենալու Հայրենիքիս հետ: Ամէն այցելութիւն ինծի համար նորովի կը բացայայտէ Հայաստանն ու իմ հայաստանցի հայրենակիցներս:
Զրուցեց Կարինէ Աւագեան