«Հրաշալի Ծրագիր, Հրաշալի Մարդիկ, Համեղ Սնունդ,Համեղ Ջուր. Շնորհակալութիւ՛ն Հայրենիք». Թորոսեան Քոյրեր

ՀՀ սփիւռքի նախարարութեան «Արի տուն» ծրագիրը տարիներ շարունակ  հայրենաճանաչութեան իւրօրինակ դասեր կու տայ այս ծրագիրի  ծիրէն ներս Հայաստան ժամանող հայորդիներուն: Անոնց կարծիքներն ու տպաւորութիւնները պարբերաբար կը լուսաբանուին «Հայերն այսօր» պարբերականին մէջ: Վրաստանի  մայրաքաղաք Թիֆլիսէն «Արի տուն» ծրագիրին մասնակցող երեք հայորդիներու հետ  ունեցած հարցազրոյցիս ընթացքին  անթաքոյց հիացմունքի զգացումը  պատեց զիս, երբ Նիկա Ղազարեան հպարտութեամբ ըսաւ` Թո՛ղ աշխարհի մէջ բոլորը լաւ՛ ճանչնան  հայերը, Արարչաստեղծ  առաջին երկիր Հայաստանը:

 Նիկա Ղազարեան, 15 տարեկան, Վրաստան, Թիֆլիս

-Շատ հետաքրքիր ծրագիր է, սիրով կը մասնակցիմ, շատ ընկերներ ունիմ արդէն: Այս ծրագիրը ոչ միայն հայրենաճանաչութեան առումով  հետաքրքիր է, այլեւ` հայրենասիրութեան դասեր տալու: Ես կը յաճախեմ ոչ հայկական դպրոց, իսկ բարձրագոյն կրթութիւնս որոշած եմ ստանալ Հայաստան. Թիֆլիս  մէջ կ’երգեմ եկեղեցւոյ մէջ: Մենք բոլորս հրաշալի կը խօսինք հայոց լեզուով, սակայն Երեւանի մէջ շատերուն կը թուի, թէ Թիֆլիս ապրողները հայերէն չեն գիտեր, բայց մենք ոչ միայն կը խօսինք մայրենիով, այլեւ` զտարիւն, հպարտ հայեր ենք: Իմ կարծիքովս Թիֆլիսի հայերն աւելի  ջերմ բնաւորութիւն ունին: Շատ կարեւոր է, որ աշխարհի մէջ ապրող բոլոր հայերն իրար սիրեն, միասնական ըլլան, իրար ձեռք մեկնեն, մտածեն Հայաստանը հզօրացնելու մասին: Ես չեմ ուզեր տարբերութիւն դրուի Հայաստանի եւ Սփիւռքի մէջ ապրող հայերուն միջեւ. մենք բոլորս նոյն ազգութեան կը պատկանինք, քրիստոնեայ ենք: Երիտասարդութիւնը մեծ ուժ է, ապագան մե՛րն է, պէտք է իրար ճանչնանք, սորվինք մէկս միւսէն. այս առումով եւս «Արի տուն»-ը հրաշալի նախաձեռնութիւն է:

Մեր զրոյցին  միացան նաեւ  Թիֆլիսէն  ծրագիրին մասնակցող  Թորոսեան քոյրերը, որոնք, չնայած ռուսական կրթութեան, ոչ միայն հրաշալի կը խօսէին հայերէնով, այլեւ  իրենց հայեցի նկարագիրով ու  խելացի տրամաբանութեամբ կը հաւաստէին, որ  հայու տաղանդը, շնորհքը կրնայ ծաղկիլ աշխարհի իւրաքանչիւր երկրի մէջ, որեւէ քաղաքի, իւրաքանչիւր տարիքի: Աղջիկները գոհունակութեամբ կը  խօսէին ծրագիրի ծիրէն ներս  ունեցած շրջագայութիւններուն մասին, կը կիսուէին իրենց տպաւորութիւններով, զգացումներով…«Հրաշալի ծրագիր, հրաշալի մարդիկ, գեղեցիկ ամառ, համեղ ջուր, սննդարար ուտելիք, գեղեցիկ մայրաքաղաք. ամէն ինչ տպաւորիչ է»,-կ’ըսեն աղջիկներն ու մէկը միւսին հերթ չտալով `կը շարունակեն արտայայտել իրենց գոհունակութիւնը:

Զրուցեց Կարինէ Աւագեան

 

Scroll Up