Հայու Տեսակը` Մարիամ Շահինեան
Ականջիդ կը հնչէ ծանօթ մեղեդին ու կռունկի թեւով կարճեցնելով դէպի Հայրենիք բաղձալի ճանապարհը: Կ’արագացնէ սրտիդ զարկերն ու կ’արձագանքէ ծափողջոյններով դահլիճի պատերէն դուրս, կը տարածուի, ծաւալուի վեր ու կը դառնայ նոր, մերօրեայ հերոսական երգ:
«Հայերն այսօր»-ի զրուցակիցը «Արուեստներու պատկերասրահ» մշակութային հիմնադրամի նախագահ, «Ազգային պատկերասրահ» միջազգային երաժշտական եւ Վերադարձի փառատօներու հիմնադիր Մարիամ Շահինեանն է: Բազմաթիւ մրցանակներ, շնորհակալագիրներ, ներառեալ` մշակոյթի նախարարութեան Ոսկէ մետալ, Վիւասել ՄՏՍ-ի Ոսկէ մետալ, Կոմիտասի յուշամետալ, տասնամեակներու անխոնջ աշխատանք, լեցուն դահլիճներ ու կեանքի ուղեկից` երաժշտութիւնը:
– Եր՞բ, ինչպէ՞ս երաժշտութիւնը դարձաւ մասնագիտական կողմնորոշում, ապրելակերպ:
Մասնագիտութիւնս ընտրած եմ վեց տարեկանիս, ի հարկէ, ծնողներս կողմնորոշած են, թէ ինչ ուղղութեամբ երթամ, որուն համար երախտապարտ եմ անոնց: Այդ տարիքիս արդէն կւ յաճախէի Պ. Ի. Չայկովսկիի անուան երաժշտական մասնագիտական դպրոցը: Կը կարծեմ, որ ատիկա դարձաւ ինծի համար ճակատագրական. վեց տարեկանէս մինչ օրս երաժշտութիւնը կեանքիս անբաժան մասն է: Դպրոցը աւարտելէ յետոյ ընդունուած եմ Կոմիտասի անուան պետական երաժշտանոցի դաշնամուրային բաժինը, որ աւարտելէ ետք աշխատանքի անցած եմ Սայաթ-Նովայի անուան երաժշտական դպրոցին մէջ` որպէս ուսուցիչ եւ կազմակերպող: Մանկավարժական գործունէութիւնս համատեղած եմ վարչական աշխատանքին հետ` սկիզբը Մշակոյթի նախարարութեան մեթոդ-բաժինին մէջ, այնուհետեւ քաղաքապետարանի մշակոյթի վարչութեան մէջ: Աշխատած եմ Սպանդարեանի շրջանային կոմիտէին մէջ` որպէս հրահանգիչ: Տարիներուն ընթացքին կուտակած փորձն ու մասնագիտական հմտութիւնները թոյլ տուին ինքնուրոյն մշակութային ծրագիրներ մշակելու եւ իրականացնելու: Արդէն տասներեք տարի կը զբաղուիմ ինքնուրոյն աշխատանքով:
– 2005 թուականէն, արդէն մէկ տասնամեակէ աւելի, կը ներկայացնէք դասական երաժշտութեան «Ազգային պատկերասրահ» միջազգային փառատօնը: Ինչպէ՞ս յառաջացաւ մտայղացումը. միահիւսել արուեստի երկու ճիւղը եւ ներկայացնել դասական երաժշտութիւնն Ազգային պատկերասրահին մէջ:
– 1998 թուականէն աշխատած եմ Հայաստանի պետական ֆիլհարմոնիկ նուագախումբին մէջ` որպէս գլխաւոր խմբավարի օգնական, գրասենեակի ղեկավար, երաժշտական խմբագիր: Նախանձախնդիր վերաբերելով արտերկրի մէջ կազմակերպուող տարբեր փառատօներուն, որոնք արդէն իսկ բացի դասական համերգային դահլիճներէն անց տեղի կ’ունենային ոչ աւանդական համերգային սրահներու մէջ, միտք յառաջացաւ, որ նաեւ Երեւանի մէջ կազմակերպուի փառատօն մը, որ կը ներկայացուի Ազգային պատկերասրահի որմնանկարներու սրահին մէջ: Գոյնի եւ հնչիւնի համադրութիւնը նոր շունչ տուաւ դասական երաժշտութեան: Փառատօնը ընդունուեցաւ հանդիսատեսին կողմէն, սիրուեցաւ, տարիներու ընթացքին ձեւաւորուեցաւ կայուն եւ տարիէ տարի աւելցող հանդիսատես: Ի դէպ, հանդիսատեսը ոչ միայն մասնագէտ երաժիշտներն էին, այլեւ տարբեր մասնագիտութիւններու տէր մարդիկ, որոնք սիրով կը սպասէին փառատօնին ծիրէն ներս իրականացուող համերգներուն: Իւրաքանչիւր համերգ կը համախմբէր տարբեր երկիրներէ ժամանած երաժիշտներու, ուղի կը հարթէր նոր, համատեղ ստեղծագործական ծրագիրներ իրականացնելու համար:
Փառատօնը հանդիատեսին կողմէ անուանուեցաւ գարնանային տօն:
– 2007 թուականէն մեկնարկեց Ձեր յաջորդ նախագիծը` «Վերադարձի փառատօնը»: Ինչպիսի՞ ընդունելութիւն, ի՞նչ արձագանքներ ստացաւ փառատօնը թէ՛ հայ երաժշտասէր հանրութեան, թէ՛ արտերկիր բնակող հայ երաժիշտներուն կողմէ: Ին՞չ ուղի անցած է փառատօնը այս տարիներուն ընթացքին:
– «Ազգային Պատկերասրահ» փառատօնի յաջողութիւնը, հանդիատեսին կողմէ բուռն ընդունելութիւնն ու դրական արձագանքները կեանքի կոչեցին դասական երաժշտութեան մէկ այլ փառատօն մը եւս` «Վերադարձի փառատօնը», որ հանդիասատեսին կողմէ ընդունուեցաւ որպէս աշնանային տօն: Փառատօնին անուան մէջ արդէն արտացոլուած է գաղափարը: Ատիկա կոչ մըն էր աշխարհասփիւռ հայ երաժիշտներուն, որոնք տարբեր պատճառներով տարիներ առաջ մեկնած էին Հայաստանէն, կայացած օտար երկիրներու մէջ, համաշխարհային ճանաչում ձեռք բերած` թէկուզ ժամանակաւոր վերադառանալ հայաստանեան բեմահարթակ: Փառատօնին ընթացքին համերգներով հանդէս եկած են աշխարհահռչակ երաժիշտներ` Սերգէյ Խաչատրեանը, Սերգէյ Բաբայեանը, Սուրէն Բագրատունին, Վարդան Մամիկոնեանը, Վահան Մարտիրոսեանը, Վարդուհի Խաչատեանը, Ջուլիետ Գալստեանը, այլ անուանի երաժիշտներ:
Բոլոր երաժիշտները, որոնք եղած են մեր փառատօնի հիւրը, որոնց կը ծափահարեն աշխարհի ամենապատուաբեր բեմահարթակներուն ու համերգասրահներուն մէջ,կը նշեն, որ հայաստանեան ելոյթն իրենց համար ամենապատասխանատուն է: Սա ինչ-որ տեղ նաեւ անոնց տարիներու աշխատանքի հաշուետուութիւնն է հայ հանդիսականին առջեւ:
Տարիներուն ընթացքին ընդլայնուեցաւ փառատօնի մասնակիցներու աշխարհագրական կազմը: Յետագային մեր երաժիշտները կը վերադառնային իրենց հետ համագործակցող օտարերկրացի երաժիշտ գործընկերուներուն հետ, համատեղ կը մասնակցէին համերգներուն. մէկ անգամ եւս Հայաստան ճանաչելի կը դառնար աշխարհի քարտէզի վրայ` որպէս պատմական մեծ ժառանգութիւն ունեցող երկիր, արուեստի, մշակոյթի կեդրոն:
– Ինչպիսի՞ն է փառատօներու ծիրէն ներս իրականացուող մարզային աշխատանքը:
– Փառատօներու գործունէութիւնը չի սահմանափակուիր համերգաշարով միայն մայրաքաղաքին մէջ. երբեք չենք անտեսած մարզերը: Ցաւօք, մարզերու մէջ մշակութային կեանքը աշխոյժ չէ: Այդ պատճառով մեր ծրագիրներուն մէջ հնարաւորինս ընդգրկած ենք համերգներ, ձեռնարկներ մարզերու մէջ եւս: Թէ՛ «Ազգային պատկերասրահ», թէ՛ Վերադարձի փառատօններու ծիրէն ներս մշտապէս կազմակերպուած են վարպետութեան դասեր, համերգ-ելոյթներ հանրապետութեան տարբեր քաղաքներու մէջ: Եղած ենք Գեղարքունիքի մարզին, Գիւմրիի, Վանաձորի, Արթիկի, Գաւառի մէջ եւ այլուր:
– Իւրաքանչիւր համերգ, փառատօն կազմակերպելը կ’ենթադրէ նախապատրաստական ծաւալուն աշխատանք, յատկապէս, երբ կը խօսինք երկարաժամկէտ ծրագիրներու մասին: Ովքե՞ր կ’օգնեն Ձեզի, կ’աջակցին կեանքի կոչելու այս ծրագիրները:
– Ծրագիրները կրնան մնալ որպէս գաղափար, եթէ չըլլան աջակիցներ: Տարիներ շարունակ մեզի աջակցած է Վիւասել ՄՏՍ ընկերութիւնը: «Ազգային Պատկերասրահ» փառատօնը 2007թ.-ին ընդգրկուեցաւ Մշակոյթի նախարարութեան պետական աջակցութեան ծրագիրներու շարքին: Դժուարութիւններու մասին ընդհանրապէս չեմ սիրեր խօսիլ. Կը կարծեմ` որեւէ բնագաւառի մէջ կան դժուարութիւններ, բայց ատոնք յաղթահարելի են: Երբ աշխատանքի հիմքին ինկած է սէրն ու նուիրուածութիւնը, արդիւնքն ակնյայտ է:
– Աշխարհահռչակ հայ երաժիշտ կատարողներու կողքին այսօր ունինք տաղանդաւոր պատանի երաժիշտներու նոր սերունդ մը: Գիտեմ, որ փառատօներու ընթացքին նաեւ կը բացայայտէք, կը ներկայացնէք երիտասարդ կատարողներ, անոնց հնարաւորութիւն կ’ընձեռէք հանդէս գալու ինչպէս հայաստանեան, այնպէս ալ միջազգային բեմերու վրայ:
– «Հայաստանի պատանի տաղանդներ» ծրագիրը «Ազգային Պատկերասրահ» փառատօնի ծիրէն ներս ամէն տարի ներկայացուցած է շնորհալի պատանի կատարողներ:Մասնակիցները ոչ միայն Երեւանի, այլեւ Հայաստանի տարբեր մարզերու երաժշտական կրթօճախներու շնորհալի սաներն էին: Ծրագիրին մասնակցած են պատանի երաժիշտներ Վանաձորէն, Գիւմրիէն, Արարատէն, Աբովեանէն եւ այլն: Այսօր այդ երեխաները կայացած երաժիշտներ են, միջազգային մրցոյթներու դափնեկիրներ, ելոյթ կ’ունենան աշխարհի տարբեր բեմերու վրայ. Մանէ Գալոյեան, Նարեկ Կազազեան, Լիպարիտ Աւետիսեան, Նինա Մինասեան, Դաւիթ Մելքոնեան, Գուրգէն Բաւեյեան, Յասմիկ Թորոսեան եւ այլք:
2007 թուականին հետաքրքիր առաջարկ ստացայ: Լոնտոնէն ժամանած «Հայաստան համահայկական հիմնադրամ»-ի լոնտոնեան մասնաճիւղի ատենապետ Արմինէ Կարապետն առաջարկեց այս ծրագիրը ներկայացնել նաեւ Լոնտոնի մէջ: Ծրագիրը գործեց մինչեւ 2015թ.: Յետագային այն ընդլայնուեցաւ եւ վերանուանուեցաւ «Հայաստանի Տաղանդներ»:
– Ինչպիսի՞ն կը տեսնէք հայ կնոջ դերն ու կշիռը մերօրեայ իրականութեան մէջ, ներառեալ` արուեստի բնագաւառին մէջ: Ձեր խիտ, յագեցած առօրեային ինչպէ՞ս կը յաջողիք միշտ ըլլալ չափազանց կանացի, խնամուած: Որ՞ն է յաջողութեան Ձեր բանաձեւը:
– Շատ բարձր գնահատելով տղամարդուն դերը կեանքի բոլոր ոլորտներուն մէջ, այդուհանդերձ, կինը , որ կրնայ շատ նրբազգաց ըլլալ, նկատել, տեսնել բաներ, որ տղամարդու աչքը գուցէ չնկատի թէ ՛ քաղաքականութեան մէջ, թէ՛ մշակոյթի բնագաւառին մէջ, թէ՛ հասարակական աշխատանքին: Հայ կինը ամէնէն առաջ ընտանիքի մայր է, կին, նաեւ՛ գործիչ: Քիչ ժամանակ ու մեծ զբաղուածութիւն ունենալով` կինը հաւաքելով իր ուժերը կը կարենայ ամէն տեղ հասցնել: Ինչ ալ ըլլայ, բարին ատիկա է` ասիկա է իմ նշանաբանս կեանքի մէջ, կ’ապրիմ եւ կ’աշխատիմ սիրով ու իմ գործիս նուիրուած:
Յ.Գ. Մեր օն-լայն զրոյցը կ’աւարտէ, ու մէկ անգամ եւս կը համոզուիմ. մենք հզօր, ներկայանալի ու մրցունակ ենք մե՛ր արուեստով, մե՛ր նուիրեալ արուեստագէտներով, որոնց կը ծափահարէ ողջ աշխարհը: Դժուարութիւնները յաղթահարելի են, երբ նպատակդ քո՛ւ արուեստդ, քո՛ւ մշակոյթդ հասանելի, ճանաչելի դարձնելն է աշխարհին, երբ անդադար երաժշտութեան մը մասնիկն ես, որ կը կոչուի Հայու տեսակ:
Զրուցեց Աղաւնի Գրիգորեան