Արժանթինահայերու Նիւթական Աջակցութեամբ Տաւուշի Մէջ Բացուեցաւ 100-րդ Ջերմոցը (լուսանկարներ)

Տաւուշի Դիտաւան գիւղին մէջ, դժուար արտասանուող Էքսերճեան մականունը վարժ գիտեն նոյնիկս մանուկները. 2007-ին արժանթինահայ բարերար Արմէն եւ Նատիա Էքսերճեանները սկսան համապարփակ կերպով աջակցիլ գիւղին: Դիտաւանը այսօր ունի բարեկարգ դպրոց, համայնքային կեդրոն, ջրամատակարարման համակարգ: Դիտաւանին բաժին հասաւ նաեւ Տաւուշի մարզի 11 գիւղի արժանթինահայ բարերարներու նիւթական աջակցութեամբ կառուցուած ջերմոցներէն 100-րդը:

Յուլիս 12-ին, արժանթինահայ բարերարներ Էքսերճեան, Տէվէճեան, Շիմշիրօղլու ընտանիքներու, «Հայաստան» համահայկական հիմնադրամի ներկայացուցիչներու, Հիմնադրամի Արժանթինի տեղական մարմնի ներկայացուցիչներու ներկայութեամբ՝ կայացաւ 100-րդ ջերմոցին բացումը: Ինչպէս եւ ջերմոցներէն իւրաքանչիւրը, այդպէս ալ 100-րդը նուիրուեցաւ մէկ ընտանիքի:

Ջերմոցի շահառու Մարինէ Մեսրոպեանի ընտանիքը բաղկացած է հինգ անդամէ: Ընտանիքը ջերմոցը նուէր ստանալուն զուգահեռ՝ հողագործութեան դասընթացներ անցած է «փորձառու» ջերմոցապահներու` այն ընտանիքներուն մօտ, որոնք իրենց ջերմոցը կը գործարկեն արդէն երրորդ տարին: Բացման արարողութեան՝ արժանթինահայ բարերար Պօղոս Էքսերճեանը շեշտեց, որ թէեւ բացման ներկայ են քանի մը արժանթինահայ ընտանիք միայն, սակայն Արժանթինի ամբողջ հայ համայնքը խոշոր նուիրատւութիւններ ըրած է Տաւուշի մարզի ընտանիքներուն կայուն եկամուտի հնարաւորութիւն ապահովելու համար:

«Հայաստան» համահայկական հիմնադրամը՝ իր արժանթինահայ բարերարներուն նիւթական աջակցութեամբ՝ կեանքի կոչած է 100 քմ մակերեսով, մետաղեայ կառուցուածքով եւ բարձրորակ ծածկով 100 ջերմոցներու ծրագիրը՝ Տաւուշի Դիտաւան, Ոսկեւան, Արծուաբերդ, Կոթի, Ներքին Ծաղկաւան, Բերդաւան, Այգեհովիտ, Կողբ, Զօրական, Կիրանց համայնքներուն մէջ: Իւրաքանչիւր ջերմոց արժած է 5500 ԱՄՆ տոլար: Ջերմոցներուն արդիւնաւէտ շահագործման նպատակով՝ նախնական փուլով՝ գիւղացիներուն կը նուիրաբերուին սածիլներ եւ կը տրամադրուի անվճար խորհրդատւութիւն:

Scroll Up