Քալիֆորնիոյ ՄԷջ Հայոց Ցեղասպանութեան Զոհերու Յուշահամալիրը Մատնանշող Ցուցանակ Մը Պիտի Տեղադուի

Քալիֆորնիոյ Վեհաժողովի փոխադրութեան յանձնաժողովը միաձայն հաւանութեան արժանացուցած է ծերակուտական Էնթընի Փորթանթինոյի օրինագիծը, որ թոյլ կու տայ Փասատենայի մէջ Հայոց ցեղասպանութեան զոհերու յուշահամալիրը մատնանշող ցուցանակ մը տեղադրել:

«Ցուցանակի տեղադրումը կ’օգնէ այցելուները ուղղորդելու դէպի յուշահամալիր, բարձրացնելու Հայոց ցեղասպանութեան մասին տեղեկացուածութեան մակարդակը, յիշեցնելու, որ մարդկութեան դէմ իրագործուած յանցագործութիւններուն մասին ուսուցանումը հետեւողական գործընթացք է եւ մեր անդադար ուշադրութեան կարիքը ունի»,- ըսած է Փորթանթինոն` նշելով, որ անհամբերութեամբ կը սպասէ ցուցանակի տեղադրման, կը գրէ Asbarez-ը:

Հայոց ցեղասպանութեան զոհերու յուշահամալիրը բացուած է 2015 թուականի ապրիլին Փասատենայի մէջ:

 

Scroll Up