Մեսրոպեան Վարժարանի Աշակերտները Այցելեցին Լիբանանի Նախագահական Պալատ

Մեսրոպեան վարժարանի 75-ամեակին եւ Լիբանանի անկախութեան 70-ամեակի զոյգ տօներուն առիթով, 26 նոյեմբեր 2013-ին Լիբանանի նախագահական պալատ այցելեցին Մեսրոպեան վարժարանի 11-րդ եւ 12-րդ դասարաններու աշակերտները` ընկերակցութեամբ վարժարանի տնօրէն Կրեկուար Գալուստին, հայ Կաթողիկէ Ս. Փրկիչ եկեղեցւոյ փոխժողովրդապետ Ղազար վրդ. Պետրոսեանին, կրթական պատասխանատուներու  եւ ուսուցիչներու:

Այցելութեան ընթացքին մասնակիցները շրջագայեցան նախագահական պալատի բաժանմունքներուն, ժողովասրահներուն եւ գրասենեակներուն մէջ: Նախագահական պալատին փրոթոգոլի պատասխանատուն ներկայացուց պալատին պատմութիւնը եւ կառոյցին կազմութեան ու զարգացման մասին տեղեկութիւններ տուաւ:

Աւարտին, ներկաները դիտեցին նախագահական պալատին նուիրուած տեսերիզ մը, որ կ’անդրադառնար Լիբանանի քաղաքացիական պատերազմի հետեւանքներուն, պալատի վերակառուցման աշխատանքներուն եւ պալատին մէջ գործունէութիւն ծաւալած նախագահներուն:

Այս օգտաշատ եւ դաստիարակիչ առիթը մեծապէս նպաստեց, որ մեսրոպեանական աշակերտները մօտէն ծանօթանան Լիբանանի բարձրագոյն իշխանութեան կեդրոնատեղիին եւ անոր ծաւալած գործունէութեան:

http://www.aztagdaily.com

Scroll Up