«Սփիւռք» Ամառնային Դպրոց. «Լրագրողներու Վերապատրաստում» Դասընթացքի Մէկ Շաբաթեայ Ընթացքը

Յուլիս 5-ին «Լրագրողներու վերապատրաստում» դասընթացքի մասնակիցներու առաջին դասը վարեց «Մետիամաքս» լրատուական գործակալութեան գլխաւոր խմբագիր, ԵՊՀ նոր մետիայի եւ հաղորդակցութեան ամպիոնի դասախօս Դաւիթ Ալաւերդեան: Դասախօսութեան ընթացքին սփիւռքէն ժամանած լրագրողները ծանօթացան հայկական առցանց լրատուամիջոցներուն: Դաւիթ Ալաւերդեան մասնակիցներուն խորհուրդ տուաւ ուշադիր հետեւիլ լրատուամիջոցներու աշխատանքին եւ առանձնացնել վստահելի կայքերու ցանկ` յետագային ապատեղեկատուութիւն ստանալէ խուսափելու համար:
ՀՀ պաշտպանութեան նախարարի մամուլի քարտուղար Արծրուն Յովհաննիսեանի հետ հանդիպման թեման ռազմական լրագրութիւնն էր: Ոլորտի լուսաբանման դժուարութիւններն ու խնդիրները ներկայացնելէ յետոյ, Արծրուն Յովհաննիսեան պատասխանեց մասնակիցները յուզող հարցերուն:
Յաջորդ դասը վարեց «Շանթ» հեռուստաընկերութեան լրագրող Քրիստինէ Ալագուլեան: Ան մասնակիցներուն հետ խօսեցաւ հեռուստալրատուական ծրագիրի պատրաստման նրբութիւններուն մասին: Արդիական թեմաներու քննարկման միջոցով Քրիստինէ Ալագուլեան ներկայացուց օրուան տարբեր ժամերու լրատուական թողարկումները, ինչպէս նաեւ ամփոփիչ թողարկման կառուցման առանձնայատկութիւնները:
Գործնական պարապմունքներու ընթացքին վերապատրաստուող լրագրողները ծանօթացան իրենց ընտրած մետիատեսակին բնորոշ առանձնայատկութիւններուն եւ նիւթերու կառուցուածքի իւրայատկութիւններուն: Դասաժամերու ընթացքին քննարկուեցան նաեւ պատրաստուելիք նիւթերու թեմաները:
Օրուան աւարտին «Սփիւռք» ամառնային դպրոցի ուսանողները մասնակցեցան ՀՀ պետական դրօշի եւ պետական խորհրդանշաններու օրուան նուիրուած տօնական քայլերթին:
Յաջորդ օրը` յուլիս 6-ին, «Լրագրողներու վերապատրաստում» եւ «Երիտասարդ առաջնորդներ եւ համայնքային գործի կազմակերպիչներ» դասընթացներու մասնակիցները լսեցին դասախօսութիւն «Հասարակայնութեան հետ կապեր եւ ԶԼՄ փոխյարաբերութիւններ» թեմայով: Հանդիպումը վարեց «Հայկական Փի Ար ասոցիացիա» գիտատեղեկատուական ՀԿ նախագահ, ԵՊՀ ռատիօհեռուստատեսային լրագրութեան ամպիոնի դասախօս Աստղիկ Աւետիսեան:
Դաւիթ Ալաւերդեան մասնակիցներուն հետ 2-րդ հանդիպման ժամանակ ներկայացուց «Մետիամաքս» լրատուական գործակալութեան հրապարակումներու թեմատիկան եւ իրականացուող նախագիծերը` յետագայ համագործակցութիւնը ապահովելու նպատակով:
Հայ ազգագրական պարի դասին «Լրագրողներու վերապատրաստում» դասընթացքի մասնակիցները պարուսոյց Մեսրոպ Քամալեանի հետ վերյիշեցին նախորդ դասին մասնակցած «Գեովընդ» եւ «Թամզարա» պարերը: Մեսրոպ Քամալեան սորվեցուց նաեւ «Երկու երթալ, մէկ դառնալ» պարերու շարքին պատկանող «Վերուերի» ազգագրական պարի դանդաղ եւ արագ մասերը:
Մասնակիցներուն հնարաւորութիւն ընձեռնուեցաւ սքայփ-հանդիպում իրականացնել «Ռատիօ Այգ»-ի (ԱՄԷ) հիմնադիր Շաքէ Մանգասարեանի հետ: Սկսելով ռատիոյի ստեղծման պատմութենէն` Շաքէ Մանգասարեան անդրադարձաւ արհեստագիտութիւններու զարգացման պայմաններուն ռատիոյի ապագային եւ որոշ ոլորտներու մէջ ատոր անփոխարինելիութեան:
Դասերու աւարտէն յետոյ մասնակիցներն այցելեցին «Թումօ» ստեղծարար արհեստագիտութիւններու կեդրոն:
Յուլիս 7-ին գործնական աշխատանքի ժամերէն յետոյ սփիւռքէն ժամանած լրագրողներն ունեցան «Creating text »-ի թեմայով դաս, որ վարեց Լոս Անճելըսի Քալիֆոռնիոյ համալսարանի փրոֆէսոր Մարի-Հրաչուհի Պօղոսեան: Ծանօթացնելով ստեղծարար եւ նորարարական մտածողութեան գաղտնիքներուն` Մարի-Հրաչուհի Պօղոսեան յորդորեց մասնակիցներուն յաղթահարել վախերն ու ըլլալ ինքնավստահ:
«Լրագրողներու վերապատրաստում» եւ «Երիտասարդ առաջնորդներ եւ համայնքային գործի կազմակերպիչներ» դասընթացներու մասնակիցները հանդիպում ունեցան ՀՀ արտաքին գործոց նախարարի տեղակալ Շաւարշ Քոչարեանի հետ: Շուրջ 2 ժամ տեւած հանդիպման ընթացքին Շաւարշ Քոչարեան խօսեցաւ ընդհանուր մարտահրաւէրներուն մասին եւ պատասխանեց մասնակիցներու հարցերուն:
«Սփիւռք» ամառնային դպրոցի դասընթացներու առաջին շաբաթը աւարտեց: Մեզի հետ զրոյցին «Լրագրողներու վերապատրաստում» դասընթացքի վիրահայ մասնակից Աղաբեկ Սիմոնեան նշեց, որ զինք ուրախացուցած է բազում երկիրներէ մասնակիցներու ներգրաւուածութիւնը. «Հայու հազար տեսակ գոյութիւն ունի: Նոյնիսկ Վրաստանի մէջ սխալ է ըսել Վրաստանի հայ համայնք եւ անով բոլորին միեւնոյն կաթսայի մէջ վերցնել: Շատ տարբեր շերտեր կան, տարբեր աւանդոյթներով ու սովորութիւններով մարդիկ: Շատ հետաքրքիր է տեսնել այսքան շատ հայու տեսակներ, թէ ինչպէս անոնք իւրացուցած են ուրիշ տեսակի մշակոյթ: Հայկականի եւ օտարի իւրօրինակ համադրութիւն կը ստացուի: Բայց ես վստահ եմ, որ հայկականը որեւէ ձեւով չի կորչիր, այլ միայն աւելի կը գեղեցկանայ»:
Նիւթը հեղինակ` ՍԱԴ կամաւոր Գայեանէ Ենոքեան