ՀՀ Սփիւռքի Նախարարութեան Մէջ Տեղի Ունեցաւ Խորհրդակցութիւն
Յուլիս 8-ին ՀՀ սփիւռքի նախարարութեան մէջ նախարար Հրանոյշ Յակոբեանի ղեկավարութեամբ տեղի ունեցաւ խորհրդակցութիւն, որուն կը մասնակցէին նախարարի տեղակալներ Սերժ Սրապիոնեան, Վահագն Մելիքեան, աշխատակազմի ղեկավար Ֆիրդուս Զաքարեան, կառուցուածքային ստորաբաժանումներու ղեկավարները:
Նախարարը բարձր գնահատեց «Հայապահպանութեան գործին մէջ նշանակալի աւանդի համար» ամէնամեայ մրցանակաբաշխութեան եւ «Թէքէեան» մշակութային միութիւններու հիմնադիր մարմնի 70-ամեակին նուիրուած ձեռնարկներու կազմակերպումը: Ան նշեց թերութիւններն ու բացթողումները եւ կոչ ըրաւ իւրաքանչիւր ձեռնարկ կազմակերպելուն` ըլլալ չափազանց ուշադիր եւ հետեւողական:
Կառուցուածքային ստորաբաժանումներու ղեկավարները զեկուցեցին շաբթուան ընթացքին իրականացուած աշխատանքներուն եւ ձեռնարկներուն վերաբերեալ, նշեցին յառաջիկայ ընելիքները:
Նախարարը կարեւոր համարեց Սփիւռքի համայնքներու` սահմանապահ գիւղերուն սատար կանգնելու, աջակցելու շարժումը կեանքի կոչելը, Հայաստան-Սփիւռք 6-րդ համաժողովի նախապատրաստական աշխատանքներու եւ «Արի տուն», «Սփիւռք» ամառնային դպրոց ծրագիրներու պատշաճ իրականացումն ու լայն լուսաբանումը:
Տրուեցան յանձնարարականներ, նշանակուեցան պատասխանատուներն ու համակարգողները: