Գեղանկարիչ Սեւակ Արմէնեանի Անհատական Գործերու Ցուցահանդէսին Բացումը Լիբանանի Մէջ
Հովանաւորութեամբ Սուրէն եւ Սոնիա Սարգիսեան ամոլին, Յուլիս 6-ի երեկոյեան ժամը 7:00-ին, Համազգայինի «Լիւսի Թիւթիւնճեան» ցուցասրահին մէջ տեղի ունեցաւ գեղանկարիչ Սեւակ Արմէնեանի 41 իւղաներկ եւ 1 ջրաներկ գործերէ բաղկացած անհատական ցուցահանդէսին բացումը: Այս մասին կը հաղորդէ «Ազդակ»-ը։
Բարի գալուստի խօսք արտասանեց Համազգայինի «Լիւսի Թիւթիւնճեան» ցուցասրահի անձնակազմէն Անժելա Տաղլեան, որ գոհունակութիւն յայտնեց ցուցասրահին մէջ լիբանանահայ երիտասարդ արուեստագէտ գեղանկարիչ Սեւակ Արմէնեանի ստեղծագործութիւնները հիւրընկալելու առումով:
Արմէնեանի արուեստին եւ ստեղծագործութիւններուն մասին խօսք առաւ արուեստագէտ Միսաք Թերզեան: Ան ըսաւ, որ իւրաքանչիւր արուեստագէտ իր արուեստի գործերով կը զանազանուի ուրիշներէն` աւելցնելով, որ Սեւակ Արմէնեանի գործերուն մէջ երկրաչափական, նաեւ բնութենէն առնուած ձեւեր կան: Ան հաստատեց, որ Արմէնեան կը ստեղծէ իր երեւակայութենէն բխած նոր տիեզերք մը, որ գերիրապաշտ է եւ կը փորձէ տեսանելի նոր բառապաշար մը ստեղծել արուեստին մէջ: Թերզեան նկատել տուաւ, որ Արմէնեանի գործերը քաոսային եւ քաոսային-վերացական ըլլալով հանդերձ իմաստալից են ու հասկնալի կը դառնան մեզի, որովհետեւ ան կը գործածէ մեզի ծանօթ ձեւեր եւ գոյներու խաղեր:
«Լիւսի Թիւթիւնճեան» ցուցասրահի տնօրէն Յակոբ Հաւաթեան խօսք առնելով հաստատեց, որ Սեւակ Արմէնեան ցուցասրահի հիմնադրութեան սիւներէն մէկն է, մնայուն ներկայութիւն է ցուցասրահին մէջ կազմակերպուած աւելի քան 90 ցուցահանդէսներու, մասնակից եղած է աւելի քան 6 հաւաքական ցուցահանդէսներու եւ այսօր կը ներկայանայ իր անհատական ցուցահանդէսով, որուն ընդմէջէն պիտի վայելենք իր աւելի քան 1 տարուան աշխատանքին արգասիքը: Արմէնեան լիբանանահայ գեղանկարչական մարզը լաւապէս կ՛ուսումնասիրէ եւ չկայ ցուցահանդէս մը Լիբանանի մէջ, որուն ներկայ եղած չըլլայ: Շարունակելով իր խօսքը` Հաւաթեան ըսաւ, որ արուեստը գոյութիւն ունի իւրաքանչիւրիս մէջ եւ արուեստին ճամբով մենք գեղեցիկը, լաւը եւ բարին ընտրելու ճիգին մէջ ենք` աւելցնելով, որ Արմէնեան առօրեայ կեանքին մէջ իր արուեստին հարազատ ցոլացումն է: Կը ձգտի բարիին, կատարեալին, պատրաստակամ եւ ծառայող երիտասարդ մըն է, որուն համար միշտ փնտռուած է իր ընկերական շրջանակին մէջ, ինչպէս նաեւ հարազատներուն կողմէ: Հաւաթեան շնորհակալական խօսք ուղղեց արուեստագէտին հօր` Սարգիս Արմէնեանին, որ ցուցասրահին հիմնադրութեան, յառաջդիմութեան եւ զարգացման մէջ իր անջնջելի դրոշմը ունի մինչեւ օրս: Յակոբ Հաւաթեան շնորհակալական խօսք ուղղեց նաեւ տէր եւ տիկին Սուրէն եւ Սոնիա Սարգիսեաններուն, որոնք սիրով ստանձնած են ցուցահանդէսին հովանաւորութիւնը:
Հաւաթեան ըսաւ, որ սոյն ցուցահանդէսին առիթով յղացած են գաղափար մը, որ պիտի վերածեն աւանդութեան: Ցուցահանդէսներու ընթացքին երբեմն պիտի զետեղեն պաստառ մը, որուն վրայ արուեստագէտը կը սկսի ստեղծագործել, ապա ներկաներն ու այցելուները կը շարունակեն գծել եւ պաստառը կը վերածեն արուեստի գործի մը: Հետեւաբար ան խնդրեց ներկաներէն, որ իւրաքանչիւրը վրձինի հարուած մը զարնէ զետեղուած պաստառին վրայ, որպէսզի յետոյ անիկա դառնայ արուեստի հարազատ եւ ջերմ արտայայտութիւն:
Յայտնենք, որ ցուցահանդէսը կը շարունակուի մինչեւ 22 Յուլիս 2017 եւ բաց է ամէն օր, առաւօտեան ժամը 9:30-էն մինչեւ երեկոյեան ժամը 6:30: