Ֆրանսայի եւ Արցախի միջեւ բարեկամութեան 9-րդ հռչակագիրը
Արցախ բարեկամութեան շրջանակը հաղորդագրութեամբ մը կը տեղեկացնէ, որ Յունիս 30-ին Ալֆորվիլ քաղաքը, քաղաքապետական խորհուրդի նիստին վաւերացուցած է Արցախի Բերձոր քաղաքին հետ բարեկամութեան հռչակագիրը: Այս մէկը ֆրանսական եւ արցախեան տեղական կամ տարածքային կառավարման մարմիններու միջեւ ստորագրուած 9-րդ հռչակագիրն է:
Ֆրանսա-Արցախ բարեկամութեան շրջանակի փոխնախագահ Ռընէ Ռուքէ, որ երկար ժամանակ եղած է Ալֆորվիլի քաղաքապետ, ողջունած է այս քայլը եւ շնորհակալութիւն յայտնած՝ Ալֆորվիլի ներկայի երեսփոխան-քաղաքապետ Լիւք Գարվունասին, ինչպէս նաեւ Բերձորի քաղաքապետ Արտեոմ Սարիբէկեանին:
“Ինծի խոր յուզում կը պատճառէ որդեգրուած տեսնելը գնահատանքի եւ բարեկամութեան վրայ հիմնուած քսանամեայ շինիչ յարաբերութիւններու արդիւնք այս հռչակագիրը”, ըսած է Ռընէ Ռուքէ եւ աւելցուցած՝ “Ֆրանսա-Արցախ բարեկամութեան շրջանակին համար մեծ ուրախութիւն է տեսնել, որ իր յղացած եւ գործադրութեան դրած միջքաղաքապետական գործակցութեան այս ձեւը կը ծաւալի”։
Իսկ Լիւք Գարվունաս, որ նոյնպէս մաս կը կազմէ Ֆրանսա-Արցախ բարեկամութեան շրջանակին, յայտարարած է, թէ այս տեսակի հռչակագրերը պիտի ծառայեն որպէս գործիք, որոնք “թոյլ պիտի տան Արցախի շրջաններու բնական միջավայրերու (écosystème) զարգացման՝ տեղացի բնակչութիւններուն իրենց սեփական հողին վրայ ապագայ կերտելու կարելիութիւն ընձեռելով”։ Ան աւելցուցած է, որ գործակցութեան այս հոլովոյթով “կարելի պիտի դառնայ լաւագոյնս կազմակերպել իր քաղաքին եւ Բերձորի միջեւ արդէն գոյութիւն ունեցող հասարակաց ծրագրերը եւ բոլորովին այլ տարողութիւն տալ անոնց”։
Գարվունաս եզրափակած է իր խօսքը յայտնելով այն համոզումը, թէ “աշխատանքը եւ տնտեսական զարգացումը լաւագոյն երաշխիքները կը հանդիսանան պատերազմին եւ արտագաղթին դէմ” եւ թէ “Եւրոպական Միութիւնը լայնածաւալ գաղթի այսօրուան պայմաններուն մէջ պէտք է զօրակցի Արցախի զարգացման ուղղուած նման ծրագրերու”։
Բարեկամութեան շրջանակը կը յիշեցնէ, թէ իր գործունէութիւնը —նաեւ նման հռչակագրերու միջոցով— կը հետապնդէ Հարաւային Կովկասի մէջ խաղաղութեան հաստատման եւ տարածաշրջանի բարգաւաճման նպատակը: Բերձոր քաղաքը (նախկին Լաչինը) Արցախի եւ Հայաստանի միջեւ անցքի կէտ մը ըլլալով՝ այդ դիրքը անոր կ՚ընձեռէ զարգացման բազմաթիւ պատեհութիւններ:
Բերձորը կը գտնուի Քաշաթաղի շրջանին մէջ: 2010-ի մարդահամարին՝ բնակչութիւնը կը կազմէր 2.200 հոգի
Նոր Յառաջ