Հայաստանի ու Արցախի Կանայք 8000 Տարուան Մէջ Ծննդականօրէն Գրեթէ Չեն Փոխուած

Դանիացի, հայ, ռուս ու բրիտանացի գիտնականներէ կազմուած խումբը պարզած է, որ Հայաստանի ու Լեռնային Ղարաբաղի կանայք վերջին 8000 տարուան մէջ ծննդական  տեսանկիւնէ (genetically) գրեթէ չեն փոխուած:

Համապատասխան հետազօտութիւնը հրապարակուած է Current Biology ամսագրին մէջ, կը հաղորդէ «Փանարմինիըն»-ը:

«Սա բաւական հետաքրքրական է, քանի որ նոյն ժամանակաշրջանին տարածաշրջանը բազմաթիւ մշակութային փոփոխութիւններու ենթարկուած է: Սակայն ատոնք, կարծես, կապուած չեն ծննդական փոխակերպման հետ, յամենայնդէպս` կանանց պարագային», – կը գրեն յօդուածին համահեղինակներ Աշոտ Մարգարեանն ու Մորթէն Ալենֆերթը Cell Press ամսագրին մէջ:

Գիտնականները վերլուծած են 52 կմախքի Mitochondrial genomeը, որոնցմէ ամենահիները 7800 տարեկան են, ու համեմատած են զանոնք 206 հայաստանցիներու եւ ԼՂՀ բնակիչներու գենոմի հետ:

Նմանատիպ հետազօտութիւն իրականացուած է նաեւ տղամարդոց մօտ, որուն արդիւնքը շուտով յայտնի կ՛ըլլայ։

Հետազօտութիւնը պիտի իրականացուի նաեւ Վրաստանի մէջ եւ Ատրպէյճանի արեւելքը:

Scroll Up