Լոս Անճելըսի Հայ Քոյրերու Վարժարանի 2016-2017 Տարեշրջանի Հունձքը
![](https://old.hayernaysor.am/wp-content/uploads/2017/06/0629ASA-2017-Grad41.jpg)
ԼԻՆՏԱ ԳԱՆՏԻԼԵԱՆ
Ասպարէզ-Լոս Անճելըսի Հայ Քոյրերու վարժարանը այս տարի եւս յաջողութեամբ ամբողջացուց իր ծրագիրներն ու յայտագիրները՝ հաւատարիմ մնալով Անարատ Յղութեան հայ քոյրերու միաբանութեան նշանաբանին՝ «դաստիարակել հայ մանուկն ու պատանին, ջամբելով հայեցի կրթութիւն եւ քրիստոնէական դաստիարակութիւն»:
Ուսումնական իւրաքանչիւր տարուան աւարտին, մանկապարտէզի, նախակթարանի հինգերորդ եւ միջնակարգի ութերորդ կարգերու աշակերտները կը ստանան համապատասխան վկայագիրներ, յատուկ հանդիսութեամբ:
Շաբաթ 10 Յունիսի առաւօտեան տեղի ունեցաւ մանկապարտէզի հանդէսը «Դանիէլեան» սրահին մէջ, ներկայութեամբ վարժարանիս քոյրերուն, հիւրերու, ծնողներու, մեծ ծնողներու եւ ուսուցիչներու:
Հանդիսութիւնը սկսաւ մանկապարտէզի տնօրէնուհի Սոնա Գազանճեանի բարի գալուստի խօսքով։ Ան ծնողներուն ներկայացուց իրենց զաւակներուն կատարելագործած ծրագիրները եւ հաստատեց, որ վկայեալները արդէն իսկ պատրաստ են երթալու նախակրթարանի առաջին դասարան:
Այս տարուան հանդէսը, ինչպէս միշտ, խանդավառ էր ու նուիրուած Հայաստանի, Արցախի եւ հայոց բանակի 25 ամեակին: Փոքրերը ներկայացուցին Սիրուշոյի «Զարթօնք»ը, ընկերակցութեամբ հայկական մարտական պարերու, առաւել՝ «Հայ Արեւ» երգախառն պարը, ներկաներու խանդավառութիւնը հասցնելով իր գագաթնակէտին:
Շրջանաւարտները ստացան իրենց վկայականները մեծ ծափողջոյններով եւ գոհունակութեամբ. անոնք արդէն իսկ անցան նախակրթարան, փակելով մանկական աշխարհի դռները:
Տնօրէնուհի քոյր Լուսիա հանդիսութիւնը փակեց՝ շնորհաւորելով բոլոր ծնողները, շնորհակալութիւն յայտնելով բոլոր ուսուցիչներուն, որոնց հետեւողական աշխատանքին արդիւնքն էր այս եզակի հանդիսութիւնը: Կը շնորհաւորենք բոլոր վկայեալները եւ բարի երթ կը մաղթենք իրենց:
Հինգերորդ դասարանի աշակերտները դպրոցական վերջին օրը՝ Յունիս 22ին, ստացան իրենց վկայագիրները։ Անոնք պաշտօնական հանդէսի պատմուճաններով մուտք գործեցին սրահ եւ բեմահարթակին վրայ իրենց տեղերը գրաւելով՝ երգեցին ու արտասանեցին հայոց լեզուին նուիրուած երգեր, ոտանաւորներ եւ պանծացուցին հայ լեզուն ու հայրենիքի սէրը, հպարտութեան զգացումով լեցնելով ծնողներուն եւ ուսուցիչներուն հոգիները։
Օրուան պատգամը փոխանցեց իրենց դաստիարակը՝ Կարէն Սանդիկեան:
Ուրախութիւնը ամէնուր էր. վկայեալները իրենց նախակրթարանի շրջանը աւարտելու գոհունակութիւնն ու միջնակարգ բարձրանալու մեծ երազով հատեցին կարկանդակը ու մեկնեցան: Կը շնորհաւորենք վկայեալները, որոնք տակաւին միջնակարգի երեք տարիները պիտի մնան վարժարանէն ներս, եւ կը մաղթենք յարատեւ յաջողութիւն:
Ութերորդ դասարանի պարագային, հանդէսի նախօրեակին՝ Կիրակի, Յունիս 4ին, շրջանաւարտները մասնակցեցան իրենց վերջին աշակերտական պատարագին՝ Կլենտէյլի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ հայ կաթողիկէ եկեղեցւոյ մէջ։ Օրուան պատարագիչն էր Միքայէլ եպիսկոպոս Մուրատեան՝ առաջնորդ Հիւսիսային Ամերիկայի եւ Գանատայի կաթողիկէ հայոց: Աշակերտները իրենց մասնակցութիւնը բերին Ս. պատարագին, Աւետարանի ընթերցուածներով։ Ընթերցումները կատարեցին Սէրլի Էքմէքճեան եւ Իզապելլա Խաչիկեան, իսկ սրտի խօսքեր արտասանեցին Նարէ Թէրզեան եւ Մերի Զաքքօ։ Ուրիշներ, խնդ-րանքներ վեր առաքելով եւ խաղաղութեան ողջոյն բաշխելով՝ հաւատացեալներուն խոստացան հաւատարիմ մնալ քրիստոնէական կրօնքին, եւ որպէս հայ քրիստոնեայ շարունակել իրենց ճամբան՝ հետեւելով իրենց նախահայրերու աւանդին:
Օրուան պատարագիչը յորդորեց ըլլալ պատուաբեր հայ քրիստոնեաներ եւ լաւ քաղաքացիներ:
Պատարագի աւարտին, աշակերտներ, ծնողներ, հիւրեր եւ բոլոր հաւատացեալները հիւրասիրուեցան եկեղեցւոյ սրահին մէջ:
Կիրակի, 11 Յունիսի յետմիջօրէին տեղի ունեցաւ աւարտական հանդէսը վարժարանիս «Դանիէլեան» սրահին մէջ, ուր ներկայ էին մեծ թիւով ծնողներ, հիւրեր, վարժարանիս քոյրերը եւ ուսուցչական կազմը՝ հրաժեշտ տալու վկայուող 21 աշակերտ-աշակերտուհիներուն:
Հանդիսութիւնը ընթացք առաւ, երբ իրենց վկայականի պատմուճաններով եւ ծնողներու ծափողջոյններով, աշակերտները հպարտօրէն մուտք գործեցին սրահ եւ բեմահարթակին վրայ շարուելով՝ արտասանեցին Տէրունական աղօթքը, որուն յաջորդեց զոյգ քայլերգները, եւ այսպիսով ընթացք առաւ վարժարանէն ներս ութերորդ դասարանի աշակերտներուն 11ամեայ կեանքին վերջին արարը: Խօսքեր արտասանեցին տնօրէնուհի քոյր Լուսիա եւ դաստիարակներ Լինտա Գանտիլեան եւ Ուիլեըմ Պասեթ, իսկ աշակերտութեան խօսքը ներկայացուցին Անի Ժամկոչեան եւ Նիքոլ Գրաճեան (անգլերէն), իսկ հայերէնով ուղերձ կարդաց Լարա Քսաճիքեան:
Օրուան հիւր պատգամաբերն էր վարժարանի շրջանաւարտներէն բժշկուհի Գարոլին Թաշճեան։ Վերյիշելով իր աշակերտական օրերը ան յորդորեց աշակերտները՝ ըսելով. «Յաջողութիւնը կը սկսի այս վարժարանի գրասեղաններէն, ինչպէս որ ես իմ յաջողութիւնը կը պարտիմ Հայ Քոյրերու վարժարանին»:
Հանդիսութիւնը շարունակուեցաւ երկլեզու խմբերգներով, որուն դաշնամուրի վրայ կ՛ընկերակցէր վարժարանիս երաժշտութեան ուսուցչուհի Վարդուհի Պաղտասարեան: Յայտագիրը ճոխացաւ Դալար Մարգարեանի դաշնամուրի մատուցումով, ապա չորս աշակերտուհիներ՝ Մելոտի Սէրայտարեան, Դալար Մարգարեան, Նարէ Թէրզեան եւ Մերի Զաքքօ իրենց ուսուցիչ Կարէն Սանդիկեանի հետ ներկայացուցին «Hour Of the Rising Sun» երգը, կիթառի եւ դաշնամուրի նուագակցութեամբ:
Նախագահական մրցանակներ ստացողներուն կողնէ խօսք առաւ Ալեք Մարգարեան, իսկ աշակերտական խորհուրդի ատենապետուհին՝ Դալար Մարգարեան ներկայացուց խորհուրդին տարեկան տեղեկագիրը:
Հանդիսութեան աւարտին, շրջանաւարտները իրենց վկայականները եւ նուէրները ստանալէ ետք, Արմինէ Շէրիկեան յայտարարեց 2017 տարուան աւարտական դասարանը՝ «Հայ Քոյրերու վարժարանի 2017ի շրջանաւարտներ»։ Ներկաներու ուրախութեան արտայայտութիւններու մթնոլորտին մէջ, աշակերտները մէկ կողմ նետելով իրենց գլխարկները՝ հեռացան սրահէն, երգելով «Վերջին Զանգը» եւ հնչեցնելով դպրոցի զանգը:
Այսպիսով, Հայ Քոյրերու վարժարանը պատրաստուած հունձք մը եւս յանձնեց իրենց ծնողներուն եւ Քալիֆորնիոյ հայ գաղութին, որ եկաւ աւելնալու վարժարանի շրջանաւարտներու հոյլին: Անոնք պիտի ուղղուին դէպի աղբիւրը լոյսի: Կը շնորհաւորենք եւ կը գնահատենք բոլոր ծնողները, որոնք իրենց ջանքերով եւ զոհողութիւններով իրականութիւն դարձուցին իրենց հոգեհատորներուն հայկական միջնակարգ վարժարանէ վկայուելու առիթը. նաեւ ուսուցիչներուն, որոնք համագործակցաբար ծնողներուն՝ անգամ մը եւս կրցան պատրաստուած խումբ մը հայորդիներու սլացք տալ դէպի տարբեր երկրորդական վարժարաններ:
Երեկոն շարունակուեցաւ շքեղօրէն զարդարուած «Ռընեսանս» ճաշասրահէն ներս՝ մինչեւ ուշ ժամեր, ուր աշակերտները հատեցին իրենց 11 տարիներու աշխատանքը ներկայացնող կարկանդակը եւ արդարօրէն ապրեցան իրենց իրաւունքը եղող յաջողութեան երջանկութիւնը:
Շրջանաւարտներուն կը մաղթենք բարի երթ ու նորանոր նուաճումներ յառաջիկայ ուսումնական տարիներուն ընթացքին: