Թուրք պատմաբանը Ցե­ղաս­պա­նու­թեան մասին Աթա­թիւրքի խօս­քե­րով գիրք կը մշակէ

Թուրք ծա­նօթ պատ­մա­բան, Հա­յոց Ցե­ղաս­պա­նու­թեան նուիրուած բազ­մա­թիւ աշ­խա­տասի­րու­թիւննե­րու հե­ղինակ Թա­նէր Աք­չամ յայտնած է, թէ յատ­կա­պէս Թուրքիոյ վար­չա­պետ Էր­տո­ղանի հա­մար գիրք կը պատ­րաստէ, ուր կը ներ­կա­յաց­նէ Աթա­թիւրքի խօս­քե­րը՝ Հա­յոց տե­ղահա­նու­թեան եւ կո­տորած­նե­րուն մա­սին:

Թրքա­կան Taraf թեր­թին կող­մէ հա­ղոր­դուած լու­րին մէջ կ՚ըսուի թէ Թ. Աք­չամ անդրա­դար­ձած է Տիգ­րա­նակեր­տի (ներ­կա­յիս՝ Տի­յար­պա­քըր) մէջ Էր­տո­ղանի ար­տա­յայ­տած «Քիւրտիս­տան» եզ­րին, որու յա­րու­ցած բո­ղոքի աղ­մուկին իբրեւ պա­տաս­խան Թուրքիոյ վար­չա­պետը որ­պէս ինքնար­դա­րացում ըսած էր, թէ ինք միայն կը կրկնէ Մուսթա­ֆա Քէ­մալ Աթա­թիւրքի 1920ական­նե­րու քա­ղաքա­կանու­թիւնն ու խօս­քե­րը:

«Երբ Էր­տո­ղան իր ար­տա­յայ­տութիւննե­րը հիմ­նեց Աթա­թիւրքի վրայ, ոչ-ոք առար­կեց, սա­կայն Աթա­թիւրք 1920ին ար­տա­յայ­տութիւններ ու­նե­ցած է նաեւ Հա­յոց 1915ի տե­ղահա­նու­թեան եւ կո­տորած­նե­րուն մա­սին եւ չէ ժխտած տե­ղի ու­նե­ցած ող­բերգու­թիւնը, ինչ որ ներ­կա­յիս կ՚ընէ վար­չա­պետ Էր­տո­ղան: Ու­րեմն, ես որո­շեցի Էր­տո­ղանի հա­մար պատ­րաստել գիրք մը, ուր կը հա­ւաքեմ 1915ի վե­րաբե­րեալ Աթա­թիւրքի խօս­քե­րը» ըսած է Աքչամ:

«Նոր Յառաջ»

Scroll Up