Յակոբ Պարոնեանի «Պտոյտ Մը Պոլսոյ Թաղերուն Մէջ» Շարքը Վերահրատարակուած է Թրքերէնով

Սթամպուլի մէջ լոյս տեսած է պոլսահայ գրող-երգիծաբան Յակոբ Պարոնեանի յայտնի «Պտոյտ մը Պոլսոյ թաղերուն մէջ» շարքի թրքերէն թարգմանութեան վերահրատարակութիւնը, կը հաղորդէ «Թերթ․ամ»-ը՝ վկայակոչելով kitapyurdu.com կայքը:

ինչպէս յայտնի է` Պարոնեան գիրքին մէջ կը նկարագրէ 19-րդ դարու վերջը պոլսահայ հասարակութեան առօրեան ու ներքին համայնքային կեանքը, ինչպէս նաեւ Պոլսոյ այն ժամանակուան հայաշատ թաղամասերը:

Տարիներ առաջ թրքերէնով լոյս ընծայուած գիրքը մեծ հետաքրքրութիւն յառաջացուցած է թրքալեզու ընթերցողին մօտ, եւ որոշ դադարէ մը ետք «Ջան» հրատարակչութիւնը նախաձեռնած է գիրքին թուրքերէն տարբերակի եւս մէկ` արդէն 6-րդ հրատարակութիւնը:

Scroll Up