Բարերար Աւետիսեան Եւ Պիլէզիքեան Ընտանիքները Պիտի Մեծարուին

Ամերիկայի Հայ աւետարանչական ընկերակցութիւնը կը տեղեկացնէ, թէ Հոկտեմբեր 21ին, Նիւ Ճըրզիի մէջ կայանալիք ընկերակցութեան հարիւրամեակի տօնակատարութեան ընթացքին պիտի մեծարուին բարերարներ Եդուարդ Աւետիսեան եւ Չարլզ Պիլէզիքեան եւ անոնց ընտանիքները, Հայաստանի, Արցախի եւ Սփիւռքի տարածքին անոնց իրականացուցած մարդասիրական շարք մը ծրագիրներուն համար։

Երկու ընտանիքները աւելի քան տասնակ մը բարեսիրական ծագիրներ իրականացուցած են, սակայն անոնցմէ ամենատպաւորիչը եղած է Երեւանի Մալաթիա-Սեփաստիա համայնքի արդիական՝ Խորէն եւ Շուշանիկ Աւետիսեան երկրորդական վարժարանի եւ համայնքային կեդրոնի կառուցումը։

Իրենց կարգին, Պիլէզիքեանները կառուցած են վարժարանին նախակրթարանի բաժինը, Չարլզի ծնողներուն՝ Գրիգորի եւ Պիաթրիսի յիշատակին, ինչպէս նաեւ Պիլէզիքեան ընտանիքի անուան գրադարանը։ Անոնք նաեւ կը հովանաւորեն Շուշիի մէջ գործող մանկապարտէզ մը, որ կը տնօրինուի Ամերիկայի Հայ աւետարանչական ընկերակցութեան կողմէ։

Եդուարդ եւ Փեմըլա Աւետիսեաններ

Scroll Up