Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը Հանդիպում Ունեցաւ Ամերիկահայ Ուխտաւորներու Հետ

Յունիս 25-ին Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Գարեգին Բ Ծայրագոյն Պատրիարք եւ Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածինի «Վաչէ եւ Թամար Մանուկեան» Մատենադարանին մէջ հանդիպում ունեցաւ ԱՄՆ Հայոց Արեւմտեան եւ Արեւելեան թեմի ուխտաւորներու հետ` ուղեկցութեամբ խումբերու ղեկավարներ Արժանապատիւ Տ. Տաթեւ աւագ քահանայ Յարութիւնեանի (Քուպերտինոյի Ս. Անդրէաս եկեղեցի) եւ Տ. Յակոբ քահանայ Գէորգեանի (Ֆիլատելֆիոյ Ս. Երրորդութիւն եկեղեցի): Հանդիպման ներկայ էին նաեւ Հայկական Բարեգործական Ընդհանուր Միութեան Երեւանի Ամառնային մասնագիտական փորձառութեան ծրագիրի մասնակից 29 երիտասարդներ: Այս մասին «Հայերն այսօր»-ին կը յայտնեն մայր Աթոռ Ս. Էջմիածինի տեղեկատուական համակարգէն:

Հանդիպման սկիզբը Տաթեւ եւ Յակոբ քահանաները Վեհափառ Հայրապետին փոխանցեցին ուխտաւոր հայորդիներու Հայաստան կատարած ուխտագնացութեան վառ տպաւորութիւնները: ՀԲԸՄ երիտասարդներու պատասխանատուն իր հերթին Նորին Սրբութեան ներկայացուց իրականացուող ամառնային ծրագիրի մասնակիցները եւ ծրագիրի առանձնայատկութիւնները:

Այնուհետեւ ներկաներուն իր օրհնութիւնն ու պատգամը բերաւ Գարեգին Բ Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը:

Նորին Սրբութիւնը բարձր գնահատեց հոգեւոր հովիւներու ծառայութիւնը եւ հայորդիներուն Հայրենիք ուխտագնացութեան առաջնորդելու յանձնառութիւնը: Վեհափառ Հայրապետը կարեւոր եւ էական նկատեց այսպիսի այցելութիւններու կազմակերպումը` նշելով, որ ատոնք հնարաւորութիւն կ´ընձեռեն աշխարհի տարբեր երկիրներու մէջ հաստատուած հայորդիներուն անձնապէս ճանչնալու Հայրենիքը, ինչպէս նաեւ խանդավառում ու ոգեշնչում են հայրենաբնակ ժողովուրդին:

Ողջունելով նաեւ ՀԲԸՄ Ամառնային մասնագիտական փորձառութեան ծրագիրի մասնակիցներու այցը համայն հայութեան հոգեւոր կեդրոն` Հայոց Հովուապետը անդրադարձ կատարեց Հայ Եկեղեցւոյ առաքելութեան ազգային կեանքին մէջ, կարեւոր համարեց երիտասարդութեան ամուր կապը Եկեղեցւոյ հետ եւ, մասնաւորապէս, ներգրաւուածութիւնը եկեղեցական բազմատեսակ ծրագիրներուն: Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը երիտասարդներուն տեղեկացուց Մայր Աթոռ Ս. Էջմիածինի կողմէ կրթական, սոցիալական եւ տարբեր այլ ոլորտներու մէջ իրականացուող ծառայութիւններու վերաբերեալ եւ հրաւիրեց մասնագիտական փորձառութեան ծրագիրի համար յաջորդիւ նկատի ունենալ նաեւ եկեղեցական համապատասխան կառոյցները:

Աւարտին Վեհափառ Հայրապետն ամէնքին մաղթեց հաճելի օրեր իրականացնել Հայրենիքի մէջ եւ զօրացած իրենց ինքնութեամբ եւ հայրենասիրութեան ու ազգասիրութեան ջերմ զգացումներով վերադառնալ իրենց բնակավայրերը:

Հանդիպումէն ետք  ուխտաւորները Մայր Տաճարին մէջ մասնակցեցան Ս. Պատարագին, այցելեցին Մայր Աթոռի թանգարաններ:

 

 

Scroll Up