Թորգոմ Ծ. Վրդ. Տօնոյեան Նշանակուեցաւ Միացեալ Նահանգներու Արեւմտեան Թեմի Առաջնորդական Փոխանորդ
Միացեալ Նահանգներու Արեւմտեան թեմի Խառն ժողովը, նախագահութեամբ թեմի առաջնորդ Մուշեղ արք. Մարտիրոսեանի, երեքշաբթի, 20 յունիս 2017-ին գումարեց Ազգային երեսփոխանական ժողովի 45-րդ նստաշրջանէն ետք իր առաջին նիստը եւ Թորգոմ ծ. վրդ. Տօնոյեանը նշանակեց առաջնորդական փոխանորդ:
Ազգային երեսփոխանական ժողովի յիշեալ նստաշրջանին ուղղած իր պատգամին մէջ, առաջնորդ սրբազանը յայտնած էր, որ Խառն ժողովի յառաջիկայ նիստին հայր Թորգոմի թեկնածութիւնը պիտի առաջարկէ առաջնորդական փոխանորդի պաշտօնին համար: Երեքշաբթի օրուան նիստը ընթացաւ այդ կարգով, ժողովը միաձայնութեամբ որդեգրեց առաջնորդ սրբազանին առաջարկը, որ կը վայելէ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. վեհափառ հայրապետին օրհնութիւնը:
Ծանօթ է, որ նշանակեալ հայր սուրբը թեմին մէջ ծառայութեան կոչուած է մարտ 2017-էն ի վեր: Խառն ժողովը յաջողութիւն կը մաղթէ հայր սուրբին` իր առաքելութեան մէջ, այն վստահութեամբ, որ ան առաջնորդ սրբազանին եւ ժողովականութեան հետ գործակցաբար իր նպաստը պիտի բերէ թեմի աշխատանքներուն յառաջընթացին: