ԱՄՆ-ի ՀԲԸՄ Մանուկեան-Տէմիրճեան Վարժարանի Սաներու Օգնութիւնը Հայաստան Հաստատուած Սուրիահայ Ընտանիքներուն
Յունիս 22-ին ՀԲԸՄ Մանուկեան-Տէմիրճեան վարժարանի սաները` տնօրէն Արփի Աւանէսեանի գլխաւորութեամբ, հիւրընկալուեցան ՀՀ սփիւռքի նախարարութեան մէջ:
2016-2017թթ. ուսումնական տարուան ընթացքին դպրոցի աշակերտութեան կողմէ իրականացուեցաւ «Օգնենք սուրիահայութեան» խորագիրով դրամահաւաք, որուն հասոյթը` 3000 ԱՄՆ տոլարը, վարժարանի մանկավարժական, աշակերտական կազմը որոշեց տրամադրել Հայաստանի մէջ բնակութիւն հաստատած սուրիահայ բազմազաւակ անապահով ընտանիքներուն:
Մանուկեան-Տէմիրճեան վարժարանի «Օգնենք մարդկութեան արուեստի միջոցով» խմբակի աշակերտները դեռ 2016թ. ապրիլին տեղի ունեցած քառօրեայ պատերազմի օրերուն կազմակերպած էին դրամահաւաք եւ գոյացած 6600 ԱՄՆ տոլարը տրամադրած քառօրեայ պատերազմին զոհուած եւ վիրաւորուած զինուորներու ընտանիքներուն: Խմբակի գործունէութեան մասին մանրամասնութիւններ հաղորդեց դպրոցի ուսուցչուհի, խմբակի ղեկավար Աննա Եարալեան, միաժամանակ շնորհակալութիւն յայտնելով Սփիւռքի նախարարութեան:
Խմբակի աշխոյժ անդամներէն սուրիահայ Նանօր Պետրոսեան իր խօսքին մէջ նշեց, որ թէեւ ան այսօր կ’ապրի ԱՄՆ-ի մէջ, սակայն կը փորձէ հնարաւորինս օգտակար ըլլալ սուրիահայերուն:
Հանդիպման ներկայ էր նաեւ վարժարանի աշակերտուհի Անահիտ Ատճեանի հայրը` Զոհրապ Ատճեան, որ իր ընտանիքին անունէն գումար փոխանցեց սուրիահայ ընտանիքներուն, այդպիսով իր ներդրումն ունենալով երեխաներու նախաձեռնութեան: «Իմ ծնողքս Սուրիայէն են, հետեւաբար ես իմ պարտքս կը համարեմ օգտակար ըլլալ սուրիահայերուն»- իր խօսքին մէջ նշեց Զոհրապ Ատճեան:
ՀՀ սփիւռքի նախարար Հրանոյշ Յակոբեանի անունէն ողջունելով հանդիպման մասնակից վարժարանի սաները եւ սուրիահայ ընտանիքները` նախարարութեան աշխատակազմի ղեկավար Ֆրիդուս Զաքարեան նշեց, որ ամենակարեւորը հայ երեխային մէջ փոքր տարիքէն հայրենակիցին օգնելու գաղափարի սերմանումն է: «Այսօր վարժարանի սաների օգնութիւնը տրամադրւում է սիրիական պատերազմի հետեւանքով Հայաստանում հաստատուած առաւել կարիքաւոր 8 սիրիահայ բազմազաւակ ընտանիքներին: Շնորհակալ ենք ՀԲԸՄ Մանուկեան-Տէմիրճեան վարժարանի մանկավարժական ողջ կոլեկտիւին եւ երեխաների ծնողներին, որ ապրելով հեռաւոր ԱՄՆ-ում` ամէն օր եւ ամէն ջանք գործադրում են մեր մանուկներին հայեցի դաստիարակելու եւ կրթելու համար», – ըսաւ ան:
Զաքարեան ընդգծեց, որ ՀԲԸՄ Մանուկեան-Տէմիրճեան վարժարանը առաջիններէն էր, որ միացաւ ՀՀ սփիւռքի նախարարութեան «Դուն ի՞նչ կ’ընես Արցախի համար» եւ «Նամակ հայ զինուորին» շարժումներուն: «Վարժարանի մանուկներուն ձեռքով գրուած նամակները հասած են հէնց խրամատներուն մէջ կռուող հայ զինուորներուն: Անոնք կարդացած են, յուզուած եւ իրենց հերթին իրենց պատասխանները գրած են վարժարանի սաներուն: Այսօր մենք ձեզի կը փոխանցենք հայ զինուորներու նամակները, որ վստահ եմ` մասունքի նման պիտի պահէք ու պահպանէք», – նշեց աշխատակազմի ղեկավարը:
Հայաստան-Սփիւռք գործակցութեան զարգացման տարբեր բնագաւառներու մէջ ծրագիրներ իրականացնելու համար ՀԲԸՄ Մանուկեան-Տէմիրճեան վարժարանը պարգեւատրուած էր ՀՀ սփիւռքի նախարարութեան շնորհակալագիրով: Ֆիրդուս Զաքարեան վարժարանի տնօրէն Արփի Աւանէսեանին յանձնեց շնորհակալագիրը:
Շնորհակալութիւն յայտնելով ջերմ ընդունելութեան համար` վարժարանի տնօրէն Արփի Աւանէսեան հաւաստիացուց, որ երեխաները սիրով եւ մեծ պատասխանատուութեամբ կը վերաբերին Հայրենիքին եւ իրենց հայրենակիցներուն օգնելու գործին:
«1976թ. հիմնադրուած վարժարանը այսօր ունի 700 աշակերտ: Վարժարանին մէջ կը դասաւանդուի նաեւ հայոց լեզու, գրականութիւն, մշակոյթ, պատմութիւն, կրօն, երաժշտութիւն, կը գործեն հայկական պարի, ճատրակի խմբակներ: Ինչպէս ամէն տարի, այս տարի եւս մեր վարժարանի սաներն իրենց երկշաբաթեայ հանգիստը կ’անցնեն Հայաստանի մէջ` այցելելով հայրենիքի տեսարժան վայրեր: Մենք ամէն բան կ’ընենք, որ մեր սաներն ամենափոքր տարիքէն ճանչնան եւ սիրեն հայոց լեզուն, Հայրենիքը եւ իրենց զաւակներուն փոխանցեն մեր Ոսկեղինիկ Մայրենին», – ըսաւ Արփի Աւանէսեան:
Այնուհետեւ վարժարանի տնօրէնը սաներու մասնակցութեամբ հանդիպման մասնակից սուրիահայ ընտանիքներու ներկայացուցիչներուն յանձնեց հաւաքուած գումարները:
Շնորհակալութեամբ ընդունելով օգնութիւնը` սուրիահայ ընտանիքներու ներկայացուցիչները նշեցին, որ արդէն 5 տարի Հայաստանի մէջ կ’ապրին, հիմնաւորուած են Հայրենիքի մէջ, իրենց այստեղ ապահով ու անվտանգ կը զգան եւ չեն պատրաստուիր հեռանալ երկրէն: Անոնք հաւաստիացուցին, որ հեռաւոր ափերու վրայ ապրող իրենց հայրենակիցներու ուշադրութիւնն ու օգնելու պատրաստակամութիւնը ա՛լ աւելի կը յուսադրէ, Հայաստան ապրելու եւ Հայրենիքը շէնացնելու ուժ ու կորով կը հաղորդէ իրենց:
Վարժարանի ուսուցիչ, նաեւ «Փոքրիկ հրեշտակներ» շաբաթօրեայ դպրոցի տնօրէն Յովհաննէս սարկաւագ Գումուրեան ընդգծեց. «Մենք մեր բոլոր նախաձեռնութիւններուն մէջ մշտապէս կը զգանք ՀՀ սփիւռքի նախարարութեան եւ նախարար Հրանոյշ Յակոբեանի անմիջական եւ գործուն աջակցութիւնը: Ատիկա ուժ եւ ոգեւորութիւն կը հաղորդէ մեզի նորանոր ծրագիրներ իրականացնելու համար»:
Հանդիպման աւարտին ՀԲԸՄ Մանուկեան-Տէմիրճեան վարժարանի սաները հաւաստիացուցին, որ այսօրինակ նախաձեռնութիւնները շարունակական պիտի ըլլան, եկող տարի նոյնպէս կու գան Հայրենիք եւ իրենց օգնութիւնը կը բերեն առաւել կարիքաւոր հայ ընտանիքներու: