Լեն Ուիքս Ազատ  Ժամանակը Կը Գերադասէ Հայաստանի Մէջ Անցնել

«Հայերն այսօր»-ի զրուցակիցը «Որդեգրիր մի գիւղ» եւ «Ծագումը» նախագիծերու հեղինակ, Ցեղասպանութեան իրազեկման գործիչ եւ գրող Լեն Ուիքսն է, որ ներգրաւուած ըլլալով տարբեր նախագիծերու մէջ` քարոզարշաւ կ´իրականացնէ Աւստրալիոյ եւ Նոր Զելանտիոյ կողմէ  Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչման ուղղութեամբ:

Լեն Ուիքսը Նոր Զելանտիոյ եւ  Օմանի Սուլթանութեան մէջ օդային երթեւեկութեան վերահսկիչ  աշխատած է, օդաչու  եղած: Ներկայիս Քաղաքացիական օդանաւային ընկերութեան միջազգային կազմակերպութեան մէջ օդային երթեւեկութեան կառավարման մասնագէտ է, կ´աշխատի նաեւ ՄԱԿ-ի մէջ:

2015 թ.-ին ան նախաձեռնած է «Որդեգրիր մի գիւղ» նախագիծի առաջին փորձը, որուն նպատակն է գեղեցկացնել, մաքրել, բարեկարգել հայկական սահմանամերձ գիւղերը` նպաստելով Հայաստանի մէջ զբօսաշրջութեան զարգացման:

Այս նախագիծը կրնայ նպաստել ոչ միայն գիւղերու զարգացման, գիւղատնտեսութեան բազմակողմանի աջակցման, մասնագէտներու պատրաստման, գիւղերու գիւղատնտեսական սարքաւորումներով եւ տեղեկատուական տեխնոլոգիաներով վերազինման, այլեւ Հայաստան-Սփիւռք սերտ կապերու ամրապնդման ու համագործակցութեան հաստատման:

«Որդեգրիր մի գիւղ»-ի գաղափարը նախագիծի հեղինակ Լեն Ուիքսի մօտ յառաջացած է այն բանէն ետք, երբ շրջած է Հայաստանի բնակավայրերով, հիացած հայկական գեղատեսիլ բնութեամբ ու ազնիւ մարդոցմով: Առաջին որդեգրուած գիւղն Արէնին է, իսկ առաջին որդեգրողը` Նոր Զելանտիոյ հայկական համայնքը:

«Իմ իրական աշխատանքս հիմա Հայաստանի մէջ  հայերուն օգնելն է: Ես Նոր Զելանտիոյ ու Աւստրալիոյ քաղաքացի եմ: 2011 թուականին Հայաստանի մէջ հանդիպեցայ ապագայ կնոջս` Արմինէին, ամուսնացայ, եւ ան շատ օգնեց զիս`  ծանօթանալու Հայաստանին եւ հայ ժողովուրդի պատմութեան»,-«Հայերն այսօր»-ին ըսաւ Լեն Ուիքսը` աւելցնելով, որ ազատ ժամանակը միշտ կը գերադասէ Հայաստանի մէջ իրականացնել, նոյնիսկ կ´ուզէ  այստեղ վարդագոյն տուֆէ տուն ունենալ:

Նշենք նաեւ, որ «Որդեգրիր մի գիւղ» նախագիծի ծիրէն ներս Ռինդ, Արէնի եւ Շատին գիւղերուն մէջ իրականացուած են  քանի մը նախագիծեր.

Շատին գիւղը որդեգրուած է Աւստրալիոյ հայ համայնքին կողմէ: 2016թ.-ին Վայոց ձորի մարզի Ռինդ-Ելփին խաչմերուկին մօտ տեղադրուած է Ուիքսի կողմէ մշակուած «Կլարաս» արձանը, իսկ Ռինդ համայնքի մանկապարտէզի բակին մէջ բացուած է խաղահրապարակ, կազմակերպուած է ծառատունկ:

Ծրագիրի ծիրէն ներս ձեռնարկներ  իրականացուած են նաեւ Արէնի եւ Շատին համայնքներուն մէջ: Արէնի գիւղի մուտքին մօտ փակցուած է գիւղի տեսարժան վայրերը ներկայացնող քարտէզ, որ զբօսաշրջիկներու համար որպէս ուղեցոյց կը ծառայէ:
Շատին համայնք տեղադրուած է «Որդեգրիր մի գիւղ» ցուցանակը, կազմակերպուած է ծառատունկ, ինչպէս նաեւ տեղադրուած են աղբամաններ: Արէնիի եւ Շատինի միջնակարգ դպրոցներուն տրամադրուած են անգլերէն դասագիրքեր:

Նշուած ծրագիրերն իրականացուած են տարբեր երկիրներու հայկական համայնքներու ներկայացուցիչներու աջակցութեամբ: Ծրագիրի ծիրէն ներս մայիս 17-ին Վայոց ձորի Շատին համայնքին հետ ստորագրուած է համաձայնագիր` համայնքին համար երկու արեւային մարտկոց ձեռք բերելու մասին:

Լեն Ուիքսը  նաեւ իրականացուցած է «Ծագումը» նախագիծը, որուն նպատակն է աշխարհին ճանաչելի դարձնել Հայաստանի,  Պաշկորտոստանի, Չինաստանի եւ Նեպալի մշակոյթն ու պատմութիւնը: «Որդեգրիր մի գիւղ»  նախագիծին հետ միասին «Ծագումը» նախագիծը նախատեսուած է խրախուսելու զբօսաշրջութիւնը, գործարարութիւնը եւ քրիստոնեաներու Ցեղասպանութիւնը ճանաչելու խիզախութիւնը:

Նախագիծի առանցքին երեք մասէ բաղկացած «Ծագումը. Բացայայտում» վէպն է, որ տպագրուած է 2014 թ.-ի օգոստոսին` անգլերէն եւ նոյն թուականի նոյեմբերին` հայերէն:

Այն կը ներառէ պատմական այնպիսի իրադարձութիւններ, ինչպիսիք են Հայոց ցեղասպանութիւնը  Առաջին համաշխարհային պատերազմի ընթացքին, եւ նշում այնպիսի վայրագութիւններ, ինչպիսիք են Նանկինի, Սուկ Չինի ջարդերը, որոնք տեղի  ունեցած են Երկրորդ համաշխարհային պատերազմի ընթացքին: Լեն Ուիքսի նպատակը եղած է ցոյց տալու Հայոց ցեղասպանութեան չճանչնալու փաստը` իբրեւ միւս Ցեղասպանութիւններու պատճառ ներկայացնելը:

Գէորգ Չիչեան

Scroll Up