ՀՀ Սփիւռքի Նախարարութեան ՄԷջ Տեղի Կ’ունենայ Լոնտոնաբնակ Հեքիաթագիր Նունէ Սարգսեանի Հեքիաթներու Մատենաշարի Շնորհանդէսը

Յունիս 15-ին, ժ.16:00-ին ՀՀ սփիւռքի նախարարութեան նախաձեռնութեամբ տեղի կ’ունենայ լոնտոնաբնակ հեքիաթագիր Նունէ Սարգսեանի հեքիաթներու մատենաշարի շնորհանդէսը (հասցէն` Վ.Սարգսեան 3, 9-րդ յարկ):

Շնորհանդէսին ողջոյնի խօսքով հանդէս կու գայ ՀՀ սփիւռքի նախարար Հրանոյշ Յակոբեան:

3-13 տարեկան երեխաներուն համար գրած Նունէի հեքիաթները հրատարակուած են անգլերէն, ռուսերէն եւ ուքրաներէն լեզուներով: Հեքիաթները շուտով լոյս պիտի տեսնեն նաեւ արեւմտահայերէնով:

2006-2016թթ. Նունէի գիրքերը նուէր  ստացած են Երեւանի քաղաքային եւ համայնքային գրադարանները, Երեւանի 5 մանկատուները, Գիւմրիի 29 դպրոցական, Ստեփանակերտի 9 դպրոցական, Մոսկուայի եւ Փեթերսպուրկի հայկական կեդրոններու գրադարանները, Լոնտոնի հայկական դպրոցները:

Scroll Up