«ԹԷքէեան Կեդրոն» Հիմնադրամի Դպրոցական Ծրագիրը Հայաստանի Եւ Արցախի Դպրոցականներուն Համար
![](https://old.hayernaysor.am/wp-content/uploads/2017/06/թեքեյան.jpg)
Հերթական անգամ «Թէքէեան Կեդրոն» հիմնադրամն իրականացուց «Այցելութիւն թանգարաններ եւ տեսարժան վայրեր» ծրագիրը, որուն ծիրէն ներս Հայաստանի եւ Արցախի Վ. Թէքէեանի անուան դպրոցներու թիւով 75 աշակերտներ եւ անոնց ուղեկցող ուսուցիչներ հնարաւորութիւն ունեցան այցելելու մեր հայրենիքի պատմամշակութային կեդրոնները` Երեւան քաղաքի պատմութեան թանգարան, Հայաստանի ազգային պատկերասրահ, Է. Չարենցի անուան գրականութեան եւ արուեստի թանգարան, Զօրաց քարեր /Քարահունջ/ եւ Շաքիի ջրվէժ:
Ինչպէս «Հայերն այսօր»-ին կը յայտնեն հիմնադրամէն, ծրագիրով նախատեսուած առաջին այցելութիւնը եղաւ Երեւան քաղաքի պատմութեան թանգարան, ուր Երեւանի, Գիւմրիի, Ստեփանաւանի եւ Կարբիի Թէքէեանցի աշակերտներն առաջնորդի ուղեկցութեամբ շրջեցան թանգարանի ցուցասրահներուն մէջ, դիտեցին հին Երեւանի պատկերաւոր մանրակերտը` լուսային ազդեցութիւններով: Այնուհետեւ անոնց համար կազմակերպուեցաւ «Ճանչիր Երեւանը» գիտահանրամատչելի խաղ-շրջագայութիւնը, որ երեխաներուն քաղաքի մասին կարեւոր եւ հետաքրքրաշարժ տեղեկութիւններ հաղորդեց եւ օգնեց տեղուոյն վրայ` թանգարանին մէջ, սորվիլ եւ ամրապնդել ձեռք բերուած գիտելիքները: Թանգարանի սրահներէն մէկուն մէջ երեխաները կատարեցին նաեւ Երեւանի անպաշտօն օրհներգ հանդիսացող «Էրեբունի-Երեւան» երգը, անտարբեր չձգելով թանգարանի այլ այցելուներուն:
Ճաշելէ ետք դպրոցականները այցելեցին Հայաստանի ազգային պատկերասրահ, ուր շրջեցան Յովհաննէս Այվազովսկիի եւ Մարտիրոս Սարեանի սրահներուն մէջ, ծանօթացան մեծն վարպետներու կեանքին, ստեղծագործական ուղին եւ աշխատանքներուն, իսկ յետոյ մասնակից դարձան կրթական երկու ծրագիրի` «Ճանչնանք մեր մեծերը» եւ «Տապանակիր լեռը»:
Ե.Չարենցի անուան գրականութեան եւ արուեստի թանգարանն ալ աշակերտներուն համար կազմակերպած էր «Բացայայտում» խաղ-շրջագայութիւնը:
Արցախի Հանրապետութեան Բերձորի Վ. Թէքէեանի անուան միջնակարգ դպրոցի սաներուն համար կազմակերպուեցաւ շրջագայութիւն` ճանչնալու հայրենի հողը եւ ականատես ըլլալու Հայոց աշխարհի հրաշալիքներուն: Երեխաներն այցելեցին Սիւնիքի մարզի Սիսիան քաղաքին մօտ գտնուող աշխարհի հնագոյն աստղադիտարան հանդիսացող Զօրաց քարեր /Քարահունջ/: Շրջելով պատմամշակութային արգելոցի տարածքին մէջ, անոնք ծանօթացան հնավայրի պատմութեան, ճարտարապետական առանձնայատկութիւններուն:
Յաջորդիւ եղաւ այցելութիւն Շաքիի ջրվէժ, որ երեխաներուն գերեց իր աննկարագրելի գեղեցկութեամբ:
«Թէքէեան Կեդրոն» հիմնադրամի «Այցելութիւն թանգարաններ եւ տեսարժան վայրեր» ծրագիրին շնորհիւ աշակերտները փոխանակեցին իրենց գիտելիքները, ծանօթացան իրարու հետ, կարեւոր համարեցին շրջագայութիւններու ուսուցողական դերը: Շրջագայութիւններէն տպաւորուած` երեխաները նշեցին, որ կը վերադառնան իրենց մարզեր, ձեռք բերելով նոր ընկերներ եւ իրենց հետ տանելով հաճելի յիշողութիւններ: