Լեւոն Արոնեան Յաղթած է Աշխարհի Ախոյեան Մակնուս Գարլսէնին
Նորվեկիոյ Սդաւանկըր քաղաքին մէջ ընթացող Norway Chess մրցաշարի 4-րդ խաղին՝ Լեւոն Արոնեան փայլուն ոճով յաղթած է աշխարհի ախոյեան Մակնուս Գարլսէնին: Արոնեան խաղը յաղթած է գեղեցիկ քայլերով․ 12-րդ քայլին ժամանակ՝ ան զոհաբերած է որակ, այնուհետեւ 17-րդ քայլին Արոնեանը զոհաբերած է նաեւ փիղը: Այս մասին կը տեղեկացնէ ՀՀ ճատրակի ֆետերացիան:
Կատարուած զոհաբերութիւններուն դիմաց Արոնեանը ստացած է հզօր գրոհ, որմէ հնարաւոր չէր պաշտպանուիլ: Խաղի 35-րդ քայլին՝ աշխարհի ախոյեան Գարլսէնը յանձնուած է:
4-րդ խաղին՝ Հիգարու Նագամուրան յաղթած է Մաքսիմ Վաշիէ-Լակրաւին, իսկ Անիշ Կիրին ուժեղ գտնուած է Վիշուանաթան Անանտէն: Գարուանա-Գրամնիգ եւ Սօ- Գարեագին խաղերը այս պահուն դեռ կը շարունակուին։