Սթամպուլի Մէջ Տեղի Ունեցած Է Զմիւռնիոյ Հայերու Պատմութեան Նուիրուած Երեկոյ
![](https://old.hayernaysor.am/wp-content/uploads/2017/06/18893463_1576095422400484_2445905727544615261_n-300x225.jpg)
Սթամպուլի հեղինակաւոր «Նազար Շիրինօղլու» սրահին մէջ նախօրէին տեղի ունեցած է Զմիւռնիոյ (այժմեան` Իզմիր) հայութեան նուիրուած յատուկ երեկոյ:
ինչպէս կը յայտնէ «Ակօսը», երեկոյի գլխաւոր բանախօսը եղած է շաբաթներ առաջ Սթամպուլի հայկական «Արաս» հրատարակչութեան կողմէ լոյս ընծայուած «Իզմիրի հայերը» գիրքի հեղինակ Զաքարեայ Միլտանօղլուն:
Հանդիպման բացումը հայերէնով ըրած է «Արաս» հրատարակչութեան գործող ղեկավար, «Ակօս» պարբերականի նախկին խմբագիր, պոլսահայ մտաւորական Ռոպեր Քոփթաշը:
Հանդիպման ընթացքին ներկաներուն թրքերէնով պատմուած են Զմիւռնիոյ հայերու մշակութային եւ պատմական ժառանգութեան, հարկադրուած գաղթի ու յետագայ ճակատագրի մասին պատմութիւններ:
Ներկաներուն ցուցադրուած են արխիւային փաստեր, Զմիւռնիոյ հայ համայնքին կողմէ ձգուած նիւթական եւ հոգեւոր ժառանգութեան մնացորդները, ինչպէս նաեւ խօսուած է ոչ միայն Զմիւռնիոյ մէջ, այլեւ ամբողջ Թուրքիոյ տարածքին մինչ 1915թ.-ը հայերուն ունեցած համայնքային դպրոցներուն, հրատարակչութիւններուն եւ այլ մշակութային օճախներու թուաքանակին մասին:
Նշենք, որ մինչ Առաջին համաշխարհային պատերազմը Իզմիրի բնակչութեան 60 տոկոսը եղած են հայեր, յոյներ եւ հրեաներ: Զմիւռնիոյ հրդեհը, որ պատմութեան մէջ յայտնի է նաեւ որպէս Զմիւռնիոյ աղէտ, տեղի ունեցած է 1922թ.-ի սեպտեմբերին:
Այն ժամանակ Թուրքիոյ քեմալական կառավարութեան զօրքերը պատերազմի ընթացքին պարտութեան մատնեցին Փոքր Ասիոյ խորքերը թափանցած եւ հին յունական տարածքներն ազատագրած յունական զօրքերուն, իսկ 1922 թուականի սեպտեմբեր 9-ին ներխուժեցին Զմիւռնիա:
Կոտորածէն խուսափելու համար հազարաւոր հայեր ապաստանեցան Սուրբ Ստեփանոս եկեղեցւոյ տարածքին: Հրդեհի հետեւանքով այրեցան աւելի քան 50 հազար տուն, 24 եկեղեցի, 28 դպրոց, դրամատուներ, հիւպատոսարաններ, հիւանդանոցներ: