Քալիֆորնիոյ Համալսարանի Ուսանողները Ծանօթացան «Սարոյեան Հաուս» Նախագիծին

30 Մայիսին «Ինթելեքթուըլ Ռենեսանս» հիմնադրամի Երեւանի գրասենեակ այցելած են Ֆրեզնոյի մէջ Քալիֆորնիոյ պետական համալսարանի հայագիտութեան ամպիոնի վարիչ  փրոֆ. Պարլօ Տէր-Մկրտիչեան եւ անոր ուսանողները՝ «Սարոյեան հաուս» նախագիծին ծանօթանալու նպատակով:

Պարլօ Տէր-Մկրտիչեանի հետ քննարկուած են «Ինթելեքթուըլ Ռենեսանս» հիմնադրամի եւ Ֆրեզնոյի մէջ Քալիֆորնիոյ պետական համալսարանի միջեւ յետագայ համագործակցութեան մանրամասները:

Ուսանողները մեծ հետաքրքրութիւն ցուցաբերած են «Սարոյեան Հաուս» նախագիծի նկատմամբ եւ պատրաստակամութիւն յայտնած են օժանդակելու եւ մասնակցելու նախագիծի շրջանակներուն մէջ իրականացուող միջոցառումներուն՝ թէ՛ Երեւանի, եւ թէ՛ Ֆրեզնոյի մէջ:

Հայագիտութեան ուսանողներուն նշանակալիօրէն տպաւորած է Սարոյեան 108 միջոցառումներու շարքին մէջ Վ. Սարոյեանի 108ամեակի տօնախմբութիւնը, որ իրականացուած էր Թումանեանի այգիին մէջ:

Ուսանողները արծարծած են թանգարանի մէջ ուսանողներու համար այցելութեան եւ ուսումնասիրութիւններու կեդրոնի ստեղծման հարցը, քանի որ Սարոյեանի կտակին մէջ նմանատիպ յիշատակութիւն կար:

Scroll Up