Կոմիտասի Եւ Քահլոյի Նուիրուած Մէկ Արարնոց Ներկայացումներ՝ Յունիս 9էն 11

ՆՈՐԹ ՀՈԼԻՎՈՒՏ.- Տառապեալ երկու հանճարներու՝ Կոմիտասի եւ Քահլոյի նուիրուած մէկ արարնոց թատերական գործերու հայերէնով ներկայացումներ տեղի պիտի ունենան Յունիս 9էն 11։
Կոմիտասի նուիրուած «Երգ Մահու Եւ Անմահութեան» գործին հեղինակն է Գուրգէն Մահարի, իսկ մեքսիքացի նկարիչ Ֆրիտա Քահլոյի նուիրուածը՝ «Օրը Դեռ Շարունակւում Է»ն, կը պատկանի Կարինէ Խոդիկեանի գրիչին։ Իւրաքանչիւր ներկայացում մօտաւորապէս 50 վայրկեան կը տեւէ, իսկ անոնց բեմադրութիւնը ստանձնած է Արամազդ Ստեփանեան։
Ուրբաթ եւ Շաբաթ, Յունիս 9-10ի ներկայացումները պիտի սկսին երեկոյեան ժամը 8ին, իսկ Կիրակի, Յունիս 11ի ներկայացումը՝ ժամը 5ին։
Ներկայացումները տեղի պիտի ունենան «T.U. Studios» սրահին մէջ (10943 Camarillo Street, North Hollywood, CA 91602)։
Տոմսերու սակը 25 տոլար է, իսկ ուսանողներու եւ տարեցներու համար՝ 18 տոլար։ Տոմսերը կանխաւ կարելի է ապահովել՝ այցելելով http://www.itsmyseat.com/CAPS կայքէջը, կամ՝ «Ապրիլ» գրատուն։