Թեմական Խորհուրդի Պաշտօններու Ընտրութիւն
![](https://old.hayernaysor.am/wp-content/uploads/2017/06/0000Dio-90th.jpg)
Հիւսիսային Ամերիկայի Հայց. Առաքելական Արեւմտեան թեմի առաջնորդարանի դիւանէն ստացուած՝ Յունիս 1 թուակիր հաղորդագրութիւնը կը տեղեկացնէ, թէ Մայիս 5ին, առաջնորդարանին մէջ գումարուած թեմի պատգամաւորական 90րդ տարեկան ժողովին ընթացքին կատարուած են Թեմական խորհուրդի անդամներու մասնակի ընտրութիւն։
Առաջնորդ Յովնան արք. Տէրտէրեանի նախագահութեամբ, 2017-2018 տարեշրջանի Թեմական խորհուրդի նոր կազմը գումարած է ժողով մը, որուն ընթացքին կատարուած են պաշտօններու ընտրութիւն՝ ըստ հետեւեալի.
Ատենապետ՝ իրաւաբան Ժոզէֆ Կանիմեան
Փոխատենապետ՝ դատաւոր Էտրիըն Գրիգորեան
Գանձապահ՝ Եուրի Ակոբեան
Ատենադպրուհի՝ Սանտրա Գազանճեան-Կոստանեան:
Կազմի հոգեւորականներն են՝ Աւետիս Քհնյ. Աբովեան, Բագրատ Ծ. վրդ. Պերճէքեան, Մանուկ Ա. քհնյ. Մարգարեան, Խաժակ քհնյ. Շահպազեան եւ Սերովբէ քհնյ. Էյլէնճեան, իսկ աշխարհականները՝ Պարգեւ Համալեան, Տերիք Ղուկասեան, դոկտ. Քրիս Միրզայեան, Կրեկ Ջրգոյեան, Մհեր Շարեան եւ Պերճ սրկ. Մանուկեան։