Զաւէն Խանճեան Արժանացած Է Հայաստանի Նախագահի Շքանշանին

Մայիսի երրորդ տասնօրեակին Հայաստան այցելեց Ամերիկայի Հայ աւետարանչական ընկերակցութեան գործադիր տնօրէն Զաւէն Խանճեան:

Մայիս 28ին, Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեանի նստավայրին մէջ կայացած՝ Հանրապետութեան տօնին առթիւ պարգեւներու եւ կոչումներու շնորհման արարողութեան ընթացքին, Զաւէն Խանճեան պարգեւատրուեցաւ «Երախտագիտութեան Շքանշան»ով, Հայաստան-Սփիւռք կապերու ամրապնդման եւ զարգացման մէջ ներդրած իր աւանդին համար։

Նշենք, որ Զաւէն Խանճեան նաեւ մասնակցած էր Հայաստան Համահայկական հիմնադրամի Հոգաբարձուներու խորհուրդի եւ տեղական մարմիններու համատեղ նիստին, իսկ աւելի կանուխ՝ հանդիպում մը ունեցած էր Արցախի նախագահ Բակօ Սահակեանի հետ։

Scroll Up