Չինաստանի Կրօնական Հարցերով Բարձրաստիճան Պաշտօնեան Այցելած Է Երուսաղէմի Հայոց Պատրիարքարան

Չինաստանի կրօնական գործերով պետական վարչութեան տնօրէն Վան Ցզոան այցելած է Երուսաղէմի Հայոց պատրիարքարան:

Այս մասին յայտնած է Երուսաղէմի Հայոց պատրիարքութեան դիւանապետ Կորիւն վարդապետ Պաղտասարեան:

Այցի ծիրէն ներս ան հանդիպած է Երուսաղէմի Հայոց պատրիարք Նուրհան արքեպիսկոպոս Մանուկեանի հետ: Պատրիարքը Վան Ցզոանին  ներկայացուցած է հայոց եկեղեցւոյ հակիրճ պատմութիւնը, ապա պատասխանած հիւրերու հարցերուն:

Ցզոանին ուղեկցած են Իսրայէլի արտաքին գործոց նախարարութեան կրօնական գործերու վարչութեան պետ Շարոն Ռեգեւը, ինչպէս նաեւ պատուիրակութեան այլ անդամներ:

 

 

Scroll Up