«Սահակ-Մեսրոպ» Երգչախումբի 40-Ամեայ Ստեղծագործական Ուղին

Ֆրանսայի Մարսէլ քաղաքին մէջ մեր հայրենակից Խաչիկ Եիլմազեան 1977 թ.  հիմնադրած է «Սահակ-Մեսրոպ» երգչախումբը: Երգչախումբի ստեղծումը մեծ իրադարձութիւն էր մարսէլաբնակ  հայութեան համար:

50 անդամներէ բաղկացած երգչախումբին նպատակն է` պահպանել ու տարածել  հայկական երաժշտական ժառանգութեան դասական եւ ժամանակակից ստեղծագործութիւններու ընտրանին:

 Երգչախումբի գործունէութեան ողջ ընթացքին Խաչիկ Եիլմազեանի ջանքերուն շնորհիւ է, որ երաժշտական համոյթը մեծ ճանաչում  ձեռք բերած է եւ բազմաթիւ համերգներ ունեցած Ֆրանսայի եւ  եւրոպական շատ քաղաքներու մէջ: Երգչախումբն աշխոյժ մասնակցութիւն  ունեցած է 2015 թ. Հայոց ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցին նուիրուած ձեռնարկներուն:

ՀՀ Սփիւռքի նախարարութեան հրաւէրով Մարսէլի «Սահակ-Մեսրոպ» Սրբոց Թարգմանչաց եկեղեցւոյ երգչախումբը համերգներով  հանդէս եկած է նաեւ Երեւանի եւ Գիւմրիի մէջ:

Իր ծաւալած բազմաբեղուն գործունէութեան համար երգչախումբի ղեկավար Խաչիկ Եիլմազեան ՀՀ նախագահին կողմէ պարգեւատրուած է «Մովսէս Խորենացի»  մետալով:

40-ամեայ ստեղծագործական ճանապարհ անցած երգչախումբն աշխարհի տարբեր երկիրներու մէջ հնչեցնելով հայ երգը` ամէնուր կրցած է ներկայցնել հայն ու Հայաստանը:

 «Հայերն այսօր»

 

 

Scroll Up