Զախոյի Մէջ Մայիսեան Յաղթանակներուն Նուիրուած Ձեռնարկ
Յունիս 2ին, Զախոյի Հայոց Շիրակ սրահին մէջ տեղի ունեցած է ձեռնարկ մը` նուիրուած Մայիսեան յաղթանակներուն:
Զախոյի համայնքէն ներս երիտասարդներէ բաղկացած նորակազմ «Արցախ» երգչախումբը հանդէս եկած է յատուկ ազգային-հայրենասիրական երգերով ու ասմունքներով: Այս մասին Հայերն այսօր-ին կը հաղորդէ Տէր Մամբրէ քհնյ. Հմայեակեան Զախոյէն:
Զախոյի հոգեւոր հովիւ` Տէր Մամբրէ քհնյ. Հմայեակեան, իր օրհնութեան խօսքէն ետք շնորհակալութիւն յայտնած է Արցախ երգչախումբին, իրենց ազգանուէր աշխատանքին, իսկ Զախոյի Թաղականութեան` միշտ իրեն սատար կագնելու եւ նմանատիպ բոլոր մտայղացումները կեանքի կոչելու համար: Տէր հայրը իր խօսքին մէջ նաեւ ըսած է, որ «Մենք որպէս հայ պարտաւոր ենք յիշելու մեր Մայիսեան յաղթանակները ու յանուն անկախութեան մեր բոլոր նահատակներն ու հերոսները, բայց առաւել եւս պէտք է յիշենք երկու կարեւոր անուններ առանց որոնց դժուար տեղի ունենար համաժաղավրդական այն միասնականութիւնն ու արիութիւնը, որոնք եւ բերին անկախութիւնը, այդ անձերն էին Գէորգ 5-րդ կաթողիկոսը եւ Արամ Մանուկեանը: Անոնք դէմ կանգնեցան այն որոշման , որուն համաձայն Կաթողիկոսը պէտք էր լքէր Մայր Աթոռը, իսկ Երեւանը թատարկուէր ու յանձնուէր թշնամիին, իսկ հայկական ուժերը նահանջէին դէպի Սեւանի աւազան: Մենք պէտք է յիշենք անոնց մեծ գործը, որ ուսանելի է մեզի համար, եւ պարտաւոր ենք փոխանցելու զայն մեր ապագայ սերունդներուն, քանի որ մեր հոգեւոր կեդրոնը Մայր Աթոռ Ս. Էջմիածինը, իսկ աշխարհիկ կեդրոնը Երեւանը, որոնց շուրջ կը համախմբուի աշխարհասփիւռ հայութիւնը, մենք իրաւունք չունինք կորսնցնելու հայութեան համար այս սուրբ քաղաքները, ընդհակառակը կարիքի պարագային մենք պարտաւոր ենք մեր կեանքը զոհելու յանուն Հայաստանի Հանրապետութեան»:
Նշենք, որ ձեռնարկը իրենց ներկայութեամբ պատուած էին Տըհոք քաղաքի, Հաւրէզք ու Աւզրուկ հայկական գիւղերու հոգեւոր հովիւները, թաղական խորհուրդներու պատուարժան անդամները: