Մեր Առօրեայէն. Ռատիոթոն (Լիբանան) Թելէթոն (Միացեալ Նահանգներ)
28 նոյեմբեՈրոշուած է թուականը Համահայկական հիմնադրամի գործադիր մարմինի կողմէ: Տասներորդ (գուցէ աւելի) թելեթոններն են կամ ռատիոթոնները, որոնք կը կազմակերպուին սփիւռքի մէջ, ի նպաստ Հայաստանի եւ Արցախի շինարարական թէ կենցաղային ոլորտներու բարելաւման: Յիշեալ տարիներուն իւրաքանչիւր գաղութ կատարեց իր պարտականութիւնը` քիչով-շատով, լումայական կամ մեծագումար մասնակցութեամբ:
28 նոյեմբերին Լիբանանի հայութիւնը դարձեալ մասնակցեցաւ, իր անկարելին կարելի ըրաւ ռատիոթոնով եւ ամբողջ օր մը տեւող ջանքերով:
Լիբանանի հայութիւնը ունի իր լուրջ կարիքները, որոնց առաջին գիծին վրայ կու գայ վարժարաններու պիւտճէները հաւասարակշռելու հարցը: Ունինք վարժարաններ, ուր կարելի չ՛ըլլար բնական կարգով թոշակներ յանձնել ուսուցիչներուն թէ պաշտօնեաներուն:
Գիտակցելով այս կարիքին, կարելի եղաւ գոյացնել շուրջ 100,000 տոլար:
***
Հետեւեցանք Քալիֆորնիայի մէջ կատարուող թելեթոնին: Հայաստանի պատկերասփիւռը կը հեռասփռէր հանգանակութիւնը: Խանդավառ խօսքեր, պատգամներ, կոչեր` մեծերու թէ փոքրերու բերնով:
Հետաքրքրութեամբ եւ գոհունակութեամբ լսեցինք մասնաւորաբար Լոս Անճելըսի, Քալիֆորնիոյ այլ շրջաններու հայկական վարժարաններու աշակերտներուն արտայայտութիւնները` հայոց լեզուով: Ուրախացանք, լսելով հայախօս մեր նոր սերունդին նուիրատուութիւնը, հայրենասիրութիւնը, մաղթանքները:
Մօտ 50 տարի առաջ Լոս Անճելըսի մէջ կը հիմնուէր «Ֆերահեան» ազգային վարժարանը: Տարիներու ընթացքին բազմացան հայկական վարժարանները, երբ Քալիֆորնիան (մասնաւորաբար) դարձաւ աշխարհի չորս կողմերէն հայերու ապաստան ընծայելու վայրը: Բազմահազար ներգաղթողներ Հայաստանէն, Պալքանեան երկիրներէն, Միջին Արեւելքէն Միացեալ Նահանգները դարձուցին «Աւետեաց երկրի» մը: Չմոռնանք Իրանէն Միացեալ Նահանգներ ներգաղթած հայ ընտանիքները: Արեւմտահայերէնով եւ արեւելահայերէնով զարգացող մշակոյթ մը կը շարունակուէր:
***
Վերադառնանք Թելեթոնէն արտայայտուող հայ աշակերտներուն: Անոնք կու գային ոչ միայն «Ֆերահեան» վարժարանէն, այլ կը լսէինք անունները «Յովսէփեան», «Փիլիպպոս», «Մերտինեան», «Արի Կիրակոս» եւ այլ վարժարաններու:
Մեր ուրախութիւնը մեծ եղաւ, երբ լսեցինք անոնց մաքուր արեւմտահայերէնը: Անկեղծօրէն ըսենք, թէ նախորդ տարիներուն այսքան լաւ հայերէն չէին խօսեր անոնք, առոգանութիւնները ոչ հայկական էին: Մասնաւորաբար «Ֆերահեան»-ի աշակերտները ինքնավստահութեամբ կը խօսէին:
Այս յառաջդիմութիւնը կը պարտինք անշուշտ հայոց լեզու եւ գրականութիւն դասաւանդող ուսուցիչներուն:
Գնահատանքի եւ քաջալերանքի մեր խօսքին կը միացնենք նաեւ նկատողութիւն մը:
Սիրելի՛ ամերիկահայեր: Կը տեսնէք, թէ Միջին Արեւելքի հայատրոփ մեր գաղութները ինչպէ՛ս կազմալուծուեցան: Պատերազմները քանդեցին մեզ` մասնակցութեամբ եւ գործադրութեամբ մեծ պետութիւններու: Մեր մաղթանքն է, որ Միջին Արեւելքի մէջ մեր կորսնցուցած հայկականութեան դրոշմը պահպանէք հոն` ուժ տալով հայագիտական դասերու, ընտանիքներու մէջ հայերէնախօսութեան արշաւին: Պէտք է կատարէք այս աշխատանքը, ապա թէ ոչ կորուստը մեր ինքնութեան կ՛ըլլայ աղէտալի:
Գոհաբանութեան ձեր այս օրուան առիթով նոր ուխտ մը կատարեցէք հայոց լեզուն փառաւորելու նորագոյն սերունդով:
ՇԱՀԱՆԴՈՒԽՏ