Կիպրոսի Ազգային Առաջնորդարան այցելեց ՀՀ պաշտպանութեան Նախարար Վիգէն Սարգսեան
Երկուշաբթի, 29 Մայիս 2017-ի կէսօրէ ետք, ժամը 4.30ին, Ազգային Առաջնորդարան այցելեց իր պատուիրակութեամբ Հայաստանի պաշտպանութեան Նախարար Պրն. Վիգէն Սարգսեան: Առաջնորդարանի մուտքին Պրն. նախարարը դիմաւորուեցաւ Թեմիս Կաթողիկոսական Փոխանորդ՝ Տ. Խորէն Արք. Տողրամաճեանի եւ Պետական ներկայացուցիչ՝ Պրն. Վարդգէս Մահտեսեանի կողմէ, որոնք ուղղուեցան դահլիճ, ուր ներկայ էին Թեմի Կրօնական Դասն ու Երեսփոխաններ, Ազգային Վարչութեան ատենապետ եւ անդամներ, կառոյցներու, կուսակցութեանց, բարեսիրական, մշակութային, մարզական միութիւններու ներկայացուցիչներ եւ անդամներ, Կրթական հաստատութեան պատասխանատուներ, թերթերու խմբագիրներ եւ հրաւիրեալներ։
Սրբազան Հայրը բարի գալուստ մաղթեց Կրօնական Դասուն եւ համայնքին անունով եւ ըսաւ, որ Կիպրահայ գաղութը մօտէն կը հետեւի Պաշտպանութեան Նախարարութեան պաշտպանական ոլորտի ծրագիրներուն լրատուական միջոցներէն: Ան աւելցուց ըսելով քաջ կը գիտակցինք թէ որքան դժուար, պատասխանատու բայց նուիրական առաքելութիւն մըն է Ձեր ստանձնած պաշտօնը, միեւնոյն ժամանակ շնորհաւորեց անոր վերստին նշանակումը: Ապա, Սրբազան Հայրը ըսաւ.-« Ձեր այցելութիւնը կը զուգադիպի Մայիսեան յաղթանակներու 99 ամեակին եւ Առաջին Հանրապետութեան կերտման օրերուն, երբ ամբողջ ժողովուրդը միացաւ, ինչ որ միահունչ է Ձեր ծրագիրներուն յատկապէս ԱԶԳ ԲԱՆԱԿի ծրագրին: Ապրիլեան պատերազմին նոյն ոգին է, որ ցուցաբերեց մեր ժողովուրդը եւ Ձեր գալուստը յաղթանակի այս օրերուն, կը խանդավառէ ու կը գօտեպնդէ մեզ»:
Պրն. Նախարարը խօսք առնելով նախ շնորհակալութիւն յայտնեց ներկաներուն հայրենիքի հանդէպ իրենց ցուցաբերած հոգածութեան եւ կապուածութեան, եւ շեշտեց սփիւռքի ներդրումի կարեւորութեան հայրենիքի բարգաւաճման, զարգացման եւ հզօրացման ոլորտներէն ներս: Ապա, հակիրճ կերպով անդրադարձաւ ԱԶԳ ԲԱՆԱԿի կարեւորութեան, նշելով թէ գաղափարը անցեալէն կու գայ:
Պետական Ներկայացուցիչը իր սրտի խօսքը ըսելէ ետք, ներկաները առիթը ունեցան հարցումներ ուղղելու եւ լուսաբանութիւններ տրուեցան Պրն. Նախարարին կողմէ: Պրն. Յարութիւն Անմահունի 10000 Ամերիկեան Տոլար նուիրեց Արցախի նահատակուած եւ հաշմանդամ ընտանիքներու ծրագրի ֆոնտին: Աւարտին, Պրն. Նախարարը յիշատակի նուէր մը յանձնեց Սրբազան հօր: Ապա, եկեղեցի ուղղուեցան, ուր միասնաբար «Հայր Մեր»ը երգեցին եւ Սրբազանը «Պահպանիչ»ով օրհնեց բոլորը: Անկէ ետք, տեղի ունեցաւ դափնեպսակի զետեղում Ապրիլեան յուշակոթողին առջեւ Պրն. Նախարարին կողմէ եւ յիշատակի լուսանկարներ առնուեցան:
Դիւան Ազգային Առաջնորդարանի