Հայաստանի Գիւղական Շրջաններուն Մէջ Ճարտարագիտական Աշխատանոցներու Ի Նպաստ Հաւաք

Լոս Անճելըսի մէջ հիմնադրուած «Անուշաւան Աբրահամեան» կրթական հիմնադրամը (ԱԱԿՀ), որուն առաքելութիւնն է Հայաստանի գիւղական շրջաններուն մէջ հաստատուող ճարտարագիտական աշխատանոցներու ճամբով երիտասարդութեան համար խոստմնալից ա-պագայ կերտել, կազմակերպած է ընկերային հաւաք մը՝ ապագայ ծրագիրներու ի նպաստ դրամահաւաք կատարելու նպատակով։ Այս մասին կը հաղորդէ ԱՄՆ-ի «Ասպարէզ» օրաթերթը։

Ձեռնարկը տեղի պիտի ունենայ Ուրբաթ, Յունիս 16-ին, երեկոյեան ժամը 7։30-էն սկսեալ, «Պեպիլոն» ճաշարանին մէջ (162 N. Sierra Madre Blvd., Pasadena, CA 91107):

Մասնակցութեան սակը 35 տոլար է, ներառեալ՝ ընթրիք։ Տեղեր ապահովելու կամ նուիրատուութիւն կատարելու համար, այցելել www.paypal.me/AAEF/35 կայքէջը, կամ դիմել AAEFBabylonEvent@gmail.com հասցէին։

Scroll Up