Համազգայինի Մարսէյլի Ճեմարանին Մէջ՝ Ներքին Սեմինար
Շաբաթ, 20 Մայիս 2017-ի օրը տօնական օր էր Համազգայինի Մարսէյլի Ճեմարանին համար: Վարժարանի հայ ուսուցիչները, Մարսէյլի Համազգայինի ներկայ վարչութիւնը` իր ամբողջական կազմով, նախկին վարչականներ, ծնողներու ներկայացուցիչներ, Համազգայինի Կեդրոնական վարչութենէն պատուիրակութիւն մը եւ Կեդրոնական վարչութեան կողմէ հրաւիրուած զեկուցաբերներ, ընդամէնը` 38 հոգի ճշդուած ժամուն ներկայ էին մասնակցելու «Մարսէյլի Համազգայինի երկլեզու Ճեմարանին դերը ֆրանսահայ գաղութի հայկական դիմագիծի ապագայ հոլովոյթին մէջ» ընդհանուր խորագիրը կրող սեմինարին, որ տեղի ունեցաւ դպրոցի ընդարձակ սրահին մէջ (սեմինարի ենթախորագիրներն էին «Հայեցի դաստիարակութեան խնդիրը» եւ «Համազգայինը». սեմինարի ամբողջական յայտագիրը կցուած է սոյն թղթակցութեան):
Սեմինարի ընթացքին, անկախ զեկուցաբերներէն բոլորը առիթ ունեցան արտայայտուելու ներկայացուած խնդիրներուն մասին: Ամբողջ սեմինարին տեւողութեան հայերէնի ուսուցման խնդիրը առաջնահերթութիւն ունէր, մանաւանդ որ Մարսէյլի հաստատութիւնը պաշտօնապէս երկլեզու է. այսինքն` իւրաքանչիւր աշակերտ ու ծնողք պարտաւոր են երկու լեզուներուն` հայերէնին եւ ֆրանսերէնին նոյն կարեւորութիւնը ընծայելու: Անգամ մը եւս շեշտը դրուեցաւ այն իրողութեան վրայ, որ աշակերտութեան մէկ կարեւոր համեմատութեան համար հայերէնը դադրած է մայրենի լեզու ըլլալէ. այդ պատճառով ալ դպրոցին մէջ յաջողութեամբ կը կիրարկուին հայերէնի ուսուցման մէկէ աւելի կացութիւններու յարմարող ձեւեր:
Սեմինարին բացումը կատարեց Մկրտիչ Մկրտիչեան, որ նաեւ նախագահն էր «Հայեցի դաստիարակութեան խնդիրը» նիւթով նիստին:
«Հայեցի դաստիարակութիւնը` անցեալին եւ ներկայիս», նիւթը ներկայացուց Յակոբ Պալեան, «Հայեցի դաստիարակութիւնը. ապագայի հեռանկարներ» նիւթը` Յասմիկ Շահինեան, «Հայեցի դաստիարակութիւնը Մարսէյի Ճեմարանին եւ Թարգմանչաց վարժարանին մէջ. կացութիւն եւ մարտահրաւէրներ» նիւթին զեկուցաբերներն էին Սօսէ Մնակեան եւ Մարալ Քարաօղլանեան (գրաւոր զեկուցման ընթերցում, ֆիլմի ցուցադրութիւն):
«Մարսէյլի Ճեմարանի ճառագայթումը Մարսէյլի եւ ընդհանրապէս Ֆրանսայի հայկական համայնքին վրայ. դպրոցը կրնա՞յ նպաստել Մարսէյլի համայնքի հայկական ինքնութեան գիտակցական ընկալման. ինչպէ՞ս», նիւթին մասին խօսեցաւ Անուշ Մատիլեան, «Հայեցի դաստիարակութիւնը Ֆրանսայի եւ ընդհանրապէս Եւրոպայի տարածքին» նիւթը ներկայացուց Աննա Յովհաննէսեան, «Ճեմարանի գործունէութեան հաշուեկշիռ. շրջանաւարտներ եւ շրջանաւարտներու միութիւն. ի՞նչ կարելի է ընել աշխուժացնելու համար միութիւնը» նիւթը` Շաքէ Ժամկոչեան:
Ապա տեղի ունեցաւ ընդհանուր քննարկում, համադրումը կատարեց Մկրտիչ Մկրտիչեան:
Երկրորդ նիւթն էր Համազգայինը, իսկ նախագահողը` Մկրտիչ Եափուճեան, որ նաեւ ներկայացուց «Համազգայինը (հակիրճ պատմութիւն, ներկայ կառոյց, կանոնագիր, առաքելութիւն եւ նպատակ, Համազգայինի գործունէութիւնը մեր օրերուն)» նիւթը:
«Մարսէյլի Համազգայինի կառոյց. Համազգայինի Պէյրութի եւ Սիտնիի դպրոցներ: Մարսէյլի Ճեմարանը ինչքանո՞վ կը ծառայէ Համազգայինի առաքելութեան» նիւթին մասին զեկուցեց Մկրտիչ Մկրտիչեան, «Մարսէյի Համազգայինի Ճեմարանը այսօր» նիւթը ներկայացուց Սեդա Պիպեռեան, «Հարցումներ. Մարսէյլի Համազգայինի կառոյցի եւ Մարսէյլի Ճեմարանի հարցերու քննարկում» նիւթը` Մկրտիչ Եափուճեան:
Մասնակիցները իրենց գոհունակութիւնը յայտնեցին նաեւ իմանալով Համազգայինի Կեդրոնական վարչութեան եւ աշխարհացրիւ շրջաններու լայնածաւալ գործունէութեան մանրամասնութիւնները:
Երկար խօսուեցաւ վարժարանի ձեռք բերած յաջողութիւններուն, բայց նաեւ` դեռ բարելաւման կարօտ մարզերուն մասին: Շեշտը դրուեցաւ այն իրողութեան վրայ, որ դպրոցը իր վայելած համբաւին շնորհիւ այլեւս իւրաքանչիւր վերամուտին կը դրուի ցաւոտ երկընտրանքներու առջեւ: Արդարեւ, դիմումները բազմաթիւ ըլլալով, տնօրէնութիւնը կը գտնուի մանկավարժական կարգ մը հիմնական սկզբունքներ նկատի չունենալով աշակերտներ ընդունելու եւ կամ այդ սկզբունքները յարգելով` ակամայ հայ աշակերտներ մերժելու մղձաւանջային կացութիւններու մէջ: Բոլորը համոզուեցան յախուռն քայլեր առնելով այս վիճակին վերջ մը տալու անհրաժեշտութեան:
Ընդհանուր եզրակացութիւնը եղաւ այն, որ վիճակը գոհացուցիչ ըլլալով հանդերձ տակաւին շատ բան կայ ընելիք գործունէութեան բազմաթիւ մարզերու մէջ. այդ աշխատանքներուն համար մեծ դեր վերապահուած է դպրոցի շրջանաւարտներուն: