«Լեհահայեր. Գրչութեան Աւանդոյթներ» Ցուցադրութիւնը Մատենադարանին մէջ
Լվովի մէջ հայկական թեմի հիմնադրման 650-ամեակին առիթով, այսօր, Մատենադարանին մէջ տեղի պիտի ունենայ «Լեհահայեր. Գրչութեան աւանդոյթներ» խորագիրով ցուցադրութեան բացումը:
1367-ին Լեհ-Լիթվիական միացեալ պետութեան թագաւոր Գազիմիր Մեծի հրովարտակով հայոց Գրիգոր եպիսկոպոսը իրաւունք կը ստանայ թեմ հիմնադրելու եւ Լվով քաղաքը դարձնելու իր նորաստեղծ թեմի նստավայրը: Այդ հրովարտակը Լեհաստանի պատմութեան մէջ հայերուն հասցէագրուած ամենահին փաստաթուղթն է: 2017-ին կը լրանայ հրովարտակի 650-ամեակը: Այդ առիթով Մատենադարանը առաջին անգամ կը կազմակերպէ Լեհ-Լիթվիական միացեալ թագաւորութեան հայ համայնքի ձեռագրական ժառանգութեան նուիրուած ցուցահանդէս:
Մատենադարանը, Վիեննայի ու Վենետիկի Մխիթարեան միաբանութեան գրադարաններու հետ միասին, աշխարհի այն երեք կեդրոններէն է, ուր կը պահուին լեհահայ գրչութեան առնչուող ամենամեծ թիւով ձեռագիրներ: Մատենադարանին մէջ կայ այդպիսի մօտ 130 ձեռագիր, որոնք ընդօրինակուած են Լեհ-Լիվիական թագաւորութեան հայաշատ տասը կեդրոններուն մէջ` Լվովի մէջ, Գամենեցի, Սթանիսլաւովի (առաջին երեքը կը գտնուին ներկայ Ուքրանիոյ մէջ), Զամոշչի մէջ (ներկայիս Լեհաստան): Անոնք կը պատկանին XIV-XVIII դդ. եւ ուշադրութիւն կը գրաւեն հարուստ բովանդակութեամբ` ընդգրկելով տարբեր բնագաւառներ` կրօնական, փիլիսոփայական, բժշկագիտական, թարգմանական գրականութիւն:
Մատենադարանի պաշտօնական կայքին փոխանցած տեղեկութիւններով` ցուցադրութեան պիտի ներկայացուին չորս տասնեակ ձեռագրեր, արխիւային վաւերագրեր, Լեհ-Լիթվիական միացեալ թագաւորութեան հայաշատ կեդրոններու ժամանակակից քարտէզ, ինչպէս նաեւ վերջին ժամանակներու հայագիտական հրատարակութիւններ Լեհաստանէն:
Ներկայացուելիք ցուցանմուշներու զգալի մասը պիտի ցուցադրուի առաջին անգամ: Յատուկ այս առիթով պիտի ցուցադրուի 1367-ի թագաւորական հրովարտակի արտատպութիւնը, որուն բնօրինակը կը պահուի Լեհաստանի Հին փաստաթուղթերու կեդրոնական պետական արխիւին մէջ: Ձեռնարկի ծիրէն ներս կը նախատեսուի Լեհաստանէն հրաւիրուած փրոֆէսըր Քշիշդոֆ Սդոփգայի ելոյթը, որ պիտի ներկայացնէ փաստաթուղթի պատմական նշանակութիւնը: Լեհաստանի հայ համայնքի պատմութեան ուսումնասիրման բնագաւառին մէջ, ինչպէս նաեւ Մատենադարանի հետ ունեցած արդիւնաւէտ գիտական համագործակցութեան, Լեհաստանի մէջ առաջին հայագիտական հանդէսի` «Լեհահայեր»-ու ստեղծման գործին մէջ ունեցած իր աւանդին համար փրոֆէսըր Քշիշդոֆ Սդոփգային պիտի շնորհուի Մատենադարանի «Մեսրոպ Մաշտոց» յուշամետալ: