«Իրաքի Հայերը» Գիտաժողովի Երկրորդ Օրուան Թեման Էր «Հայկական Կեանքի Կերտումը Իրաքի Մէջ»

«Իրաքի Հայերը» Գիտաժողովը կը շարունակէ իր աշխատանքները, զեկուզողները կը ներկայացնեն Իրաքի հայերու պատմութիւնը սկսած Աբբասեան Խալիֆայութեան ժամանակներէն մինչ օրս, անոնք ուսումնասիրած են Իրաքի հայութեան բոլոր ասպարէզները, եկեղեցական, միութենական ինչպէս նաեւ բոլոր հայաշատ քաղաքներուն մասին: Այս մասին կը տեղեկացնէ «Հայերն այսօր»:
Գիտաժողովի երկրորդ օրուան նիստերը նուիրուած էին «Հայկական Կեանքի Կերտումը Իրաքի Մէջ» թեմային, այս ծիրէն ներս զեկուցողները անդրադարձան համայնքային ներքին կեանքին, միութիւններուն եւ դպրոցներուն մէջ հայապահպանութեան նուիրուած աշխատանքներուն:
Նիստերէն ետք տեղի ունեցաւ բուռն քննարկում զեկոյցներուն վերաբերեալ:
Աւելցնենք, որ գիտաժողովը կը բաղկանայ 34 զեկոյցներէ եւ երկու հրապարակային դասախօսութիւններէ, նաեւ երկու շնորհանդէսներէ: Գիտաժողովին կը մասնակցին զեկուցողներ Իրաքէն, Լիբանանէն, Հայաստանէն, Եգիպտոսէն, Եւրոպայէն, ԱՄն-էն եւ Ֆիլիփփինէն: