Այսօր Մեր Առաքելութիւնը Ո՛չ Միայն Դաստիարակել Է, Այլ Նաեւ Պահպանել Հայկականութիւնը Իւրաքանչիւր Հայ Մանուկի Սրտին Ու Հոգիին Մէջ», Ըսաւ Քոյր Արմինէ Մակարոսեան

Այս տարի Սրբոց Հռիփսիմեանց բարձրագոյն վարժարանը կը նշէ իր հիմնադրութեան 95-ամեակը` լուսարձակի տակ առնելով անցեալէն եկած աւանդն ու փորձառութիւնը եւ նայելով դէպի ապագայ` նոր ծրագիրներով ու կորովով:

95 տարիներու կրթական գործունէութեան, ապրուած լաւ ու վատ օրերուն, դիմագրաւուած դժուարութիւններուն եւ արձանագրուած նուաճումներուն մասին մանրամասն տեղեկութիւններ ունենալու, նաեւ ներկայ վիճակէն տեղեակ ըլլալու նպատակով «Ազդակ» հարցազրոյց մը կատարած է դպրոցի տնօրէն քոյր Արմինէ Մակարոսեանին եւ փոխտնօրէն Կարպիս Գապասագալեանին հետ:

Քոյր Արմինէ Մակարոսեան դպրոցի հիմնադրութեան ձեռնարկած, զայն տարիներ շարունակ պահած եւ զարգացուցած միաբանութեան անդամներուն առաքելութեան մասին խօսելով` ըսաւ. «Ինծի համար Հռիփսիմեանցը բացառիկ իրականութիւն մըն է, կարծէք թէ այն զօրաւոր լոյսն է, որ ծագեցաւ մեր Ցեղասպանութենէն շուրջ 7 տարի ետք: Մեր նպատակն էր զբաղիլ մեր վերապրած զաւակներով, բայց ատոր կողքին` սկիզբէն իսկ ունեցած ենք նաեւ պէյրութաբնակ հայ ընտանիքներու զաւակներ, որոնք Լիբանան հաստատուած էին նախքան ջարդը, եւ որոնք մեր երդիքին տակ ստացան իրենց կրթութիւնն ու դաստիարակութիւնը:

«Բացի Արեւմտահայաստանէն եւ Պոլիսէն, Լիբանանի մէջ Հռիփսիմեանցը եղաւ առաջին դպրոցը, որ Ցեղասպանութենէն ետք սփիւռքի մէջ հաստատուած է, նաեւ` մեր միաբանութեան համար:

«Մեր նուիրումին հիմքը մեզի տրուած կոչումն է: Մենք կանչուած ենք նուիրուելու, ծառայելու եւ դաստիարակելու, եթէ այդ կոչումը չըլլայ, դժուար պիտի ըլլար այս բոլոր աշխատանքները կատարել: Անշուշտ ընտանիքի հայր մը, մայր մը, երիտասարդ կամ երիտասարդուհի մը նաեւ կրնայ սիրել այս ասպարէզը, սակայն ունի այլ կեանք, տարբեր հոգեր, ուստի կրնայ նուիրումը գոյութիւն ունենալ, սակայն` ոչ կոչումը: Քոյրերուս առաջնահերթ նպատակն է հայեցի կրթութիւնը, որուն զուգահեռ հիմնական է քրիստոնէական կեանքի պատրաստել հայ ժողովուրդը` իբրեւ հաւատարիմ իր առաջին շնորհքին, իբրեւ քրիստոնէութիւնը ընդունած առաջին ազգ:

Լիբանան առաքուած քոյրերուն եւ Պէյրութի մէջ հայկական այս դպրոցը հիմնելու մասին խօսելով` Հռիփսիմեանց վարժարանի տնօրէնուհին տեղեկացուց. «Ընդառաջելով Լիբանանի կաթողիկէ հայոց պատրիարքական փոխանորդ Յակոբ ծ. վրդ. Նեսիմեանի դիմումին, Պէյրութ կ՛ուղարկուին հինգ քոյրեր` քոյր Պէաթրիս Թաշճեան, քոյր Ալեքսանտրա Հեպոյեան, քոյր Էլիզ Պոյաճեան եւ քոյր Ակաթա Փարթամեան` մայր Թէոպիստէ Ալեքսանեանի գլխաւորութեամբ` իբրեւ գերագոյն նպատակ ունենալով նուիրուիլ ջարդերէն վերապրած հայ աղջիկներու տոհմիկ ու քրիստոնէական դաստիարակութեան, անոնց ուսումնառութեան եւ ընդհանուր զարգացման, անոնց մինչեւ իսկ սորվեցնելու ձեռարուեստ եւ գեղարուեստ:

«Քոյրերու մեծ զոհողութիւններով կարելի եղած է Լիբանանի մէջ դպրոցի կառուցման համար գումար ապահովել, անոնք նոյնիսկ իրենց առօրեայ սնունդէն կը զրկուէին, որպէսզի կարելի ըլլայ դրամ խնայել, ինչպէս նաեւ իրենք ստանձնած էին բոլոր նիւթերու դասաւանդութիւնը, որպէսզի աւելորդ ծախսերը կրճատուէին:

«Քոյրերուն առաջին կայքը կ՛ըլլայ Պէյրութի Տեպպաս հրապարակին վրայ տեղակայուած Հայ կաթողիկէ առաջնորդարանի Ս. Եղիա եկեղեցւոյ շրջափակին մէջ գտնուող տախտակաշէն ու թիթեղածածկ տունը: Հռիփսիմեանց վարժարանին վայելած վարկին շնորհիւ` անոր հոգատարութեան կը յանձնուին ո՛չ միայն գաղթականներուն աղջիկները, այլ նաեւ զաւակները լիբանանահայ երեւելի ազգայիններու: 1929-ին վարժարանի աշակերտները կ՛ունենան յարմարաւէտ պայմաններ` Խանտաք Էլ Ղամիք թաղամասի Թարազի ճամբուն վրայ գտնուող շէնքը փոխադրուելով: Կալուածը կը յանձնուի Անարատ յղութեան հայ քոյրերու միաբանութեան` դառնալով Սրբոց Հռիփսիմեանց վարժարանի առաջին սեփական շէնքը: Հոն կը սկսին յաճախել մօտակայ եւ հեռաւոր շրջաններէն բարեկեցիկ եւ ընկերային ծանր պայմաններու մէջ ապրող ընտանիքներու զաւակներ», դիտել տուաւ ան:

Բնականաբար, ինչպէս Հայոց ցեղասպանութենէն ճողոպրած ժողովուրդին ճիգերով ծնունդ առած որեւէ կառոյց, Հռիփսիմեանց վարժարանի ուղին ալ լի կ՛ըլլայ խոչընդոտներով ու մարտահրաւէրներով. «1929-30 ուսումնական տարեշրջանը կը տարբերի միւս տարիներէն. դպրոցը ինքնահաստատման կայուն ուղիի վրայ ըլլալով` արդէն կը սկսի բարձրանալ զարգացման սանդուխներէն: Վարժարանի նոր շէնքին մէջ դասերը կը սկսին 160 աշակերտներով եւ նախակրթարանի ծրագիրով միայն: 1933-ին կ՛որդեգրուի ուսումնական նոր ծրագիր մը, որ կ՛ընդգրկէ նաեւ պըրըվէն ուսումնաշրջանը, աւելի ուշ` 1940-ականներուն, կը բացուին նաեւ պաքալորէայի դասարանները»:

Այս բոլորը նոր մարտահրաւէրներու դէմ յանդիման կը դնեն վարժարանը, քոյրերը կը ստիպուին նոր նախաձեռնութիւններու դիմելու. այս մասին քոյր Արմինէ ըսաւ. «Հռիփսիմեանցի վարկին, համբաւին, վայելած վստահութեան ու համարումին շօշափելի ապացոյցը կը հանդիսանայ աշակերտութեան թիւին տարուէ տարի բարձրացումը: Քոյրերուն ջանքերն ու ժրաջան աշխատանքը, սակայն, կը խոչընդոտուին լիբանանեան դառն իրականութեան պարտադրած պայմաններով: 1958-ի Լիբանանի եղբայրասպան դէպքերուն պատճառով 28 տարի Խանտաք Ալ Ղամիք Թարազի փողոցին զարդ դարձած Հայ քոյրերու դպրոցը 6 ամիս դռները կը փակէ: Անկէ ետք տուեալ շրջանը կը խճողուի, կը փոխէ իր երբեմնի դիմագիծը, ինչ որ կը մղէ քոյրերը` նոր շէնքի մը փնտռտուքի: 1963-ին անոնք կ՛որոշեն տեղափոխուիլ Ժիւնիէ եւ առժամաբար հաստատուիլ Զմմառեան միաբանութեան մէկ կալուածին մէջ, ուր կը մնան 12 տարի: Ժիւնիէ կը հանդիսանայ հին Հռիփսիմեանցին եւ նորին միջեւ փոխանցման ժամանակաշրջան մը, կը պատրաստուին նոր եւ աւելի հեռանկարային ծրագիրներ: Արդարեւ, հո՛ն է, որ կը մշակուի եւ կ՛ուրուագծուի ծրագիրը այն վարժարանին, որ իր գեղակերտ շէնքով, արդիական կառոյցով եւ մանկավարժական բոլոր պայմաններով պիտի հանդիսանար դպրոցական լրիւ տուեալները ամբողջացնող եւ լիբանանահայ իրականութեան մէջ աչքի ինկող վարժարանը: Անոնք կը լծուին փնտռտուքի` յարմար հողաշերտի մը, որուն վրայ պիտի բարձրանար վարժարանի ապագայ շէնքը: Տարբեր առաջարկներ կը ներկայացուին, քոյրերը կ՛ընտրեն Ֆանարի շրջանը:

«8 օգոստոս 1973-ին ազդանշանը կը տրուի Հռիփսիմեանց վարժարանի շինարարական աշխատանքներուն:  Թէեւ կ՛որոշուի նոր համալիրը հանդիսաւոր կերպով բանալ 20 հոկտեմբեր 1974-ին, սակայն մէկ կողմէ համալիրի կիսաւարտ վիճակը, միւս կողմէ` երկրին մէջ ծագած խռովութիւնները արգելք կ՛ըլլան բացման հանդիսութեան կայացման: 1974-75 տարեշրջանը իր աւարտին կը հասնի նոր, բայց դեռ կիսաւարտ Ֆանարի շէնքին մէջ` շուրջ 750 աշակերտներով:

«Պատերազմի շրջանի տարբեր դժուարութիւններէ եւ վերիվայրումներէ ետք 1977-78 տարեշրջանին վարժարանին կեանքը կը յատկանշուի կազմակերպչական նախաձեռնութիւններով եւ աշխատանքներով: 19 մարտ 1978-ին պաշտօնական բացումը կը կատարուի Հռիփսիմեանց վարժարանին` կրթական մարզին մէջ լիբանանահայութեան արձանագրած իրագործումներու պատմութեան մէջ իբրեւ անմոռանալի իրադարձութիւն իր դրոշմը ձգելով:

«Դպրոցին մէջ աշխատանքները կ՛ընթանան աշխուժ թափով եւ նոր հորիզոններ նուաճելը կը դառնայ հրամայական: Պատմական այլ իրադարձութիւն մը կ՛արձանագրուի 1974-75 տարեշրջանին, երբ Հռիփսիմեանցը կը դառնայ երկսեռ` ընդառաջելով նաեւ ծնողներուն խնդրանքին, ժամանակակից մանկավարժութեան հրամայականներուն, պահպանողական մտայնութեան փոփոխութեան եւ հայաբնակ նոր շրջաններու ստեղծումէն մեկնելով: Վարժարանի այս նոր արեւելումը բնականաբար կարիքը կը զգացնէ մանկավարժական, դաստիարակչական եւ վարչական նոր դասաւորումներու: Այս կարիքը աւելի կը շեշտուի աշակերտութեան թիւի բարձրացման պատճառով: Կը բացուին նոր դասարաններ` համապատասխան սարքաւորումներով, եւ կը համալրուի դասատու անձնակազմը նոր ուժերով:

«1978-79 տարեշրջանին աշակերտութեան թիւը 900-ի սահմանը գլած անցած էր արդէն, ինչ որ յաւելեալ ուժ, կորով եւ ժրաջանութիւն կը ներարկէ քոյրերուն` նիւթական եւ բարոյական ոչ մէկ ճիգ խնայելու նորահաս սերունդներու ուսումնառութեան եւ քրիստոնէական ու հայեցի դաստիարակութեան համար նպաստաւոր բոլոր պայմաններն ու յարմարութիւնները ստեղծելու: 1978-79 տարեշրջանը կ՛ըլլայ վերիվայրումներով լի, որովհետեւ լիբանանեան ապահովական կացութիւնը կ՛ազդէ նաեւ կրթական բնագաւառին վրայ»:

Դպրոցին այժմու պատկերին մասին խօսելով` քոյր Արմինէ Մակարոսեան ըսաւ. «Դպրոցին մէջ հայեցի դաստիարակութեան կողքին կայ կրօնական լուրջ դաստիարակութիւն: Ճիշդ է, որ ներկայ ժամանակներուն մեր դպրոցները պէտք է համապատասխանեն արդիական բոլոր պահանջներուն, սակայն միշտ պէտք է պահպանել հիմքը: Իբրեւ Հռիփսիմեանցի մէջ 29 տարիներէ ի վեր ծառայող` ես այդպէս կը դիտեմ երեւոյթները ու այդ մօտեցումով կը գործեմ: Ո՛չ միայն պէտք է պահել եւ շարունակել հիմնադիր հօր մեզի աւանդած այդ հոգին, որ է դաստիարակել հայ աղջիկները եւ հայ սերունդները, այլ նոր ժամանակներուն պատրաստել զանոնք, որպէսզի իրենց ինքնութեան կառչած մնալով` շարունակեն իրենց ուղին»:

Սփիւռքի մէջ հայ մնալու եւ սերունդներուն հայեցի դաստիարակութիւն ջամբելու առաքելութեան մասին խօսելով` քոյր Արմինէ նշեց. «Իբրեւ նուիրեալ հայ մայրապետ` նաեւ կոչում ու պարտականութիւն ունիմ, որ մեր հայ ժողովուրդը շարունակէ նոյնիսկ սփիւռքի մէջ մնալ իսկական, ճշմարիտ եւ զօրաւոր հայ, իսկ մեր վարժարանը ըլլայ այն բարձունքին վրայ, որ կարենայ պայքարիլ բոլոր այդ ընտանիքներուն դէմ, որոնք օտարամոլ են, որոնք իրենց զաւակները զանազան պատճառներով, իրենց անձնական հաշիւներէն մեկնելով կը ղրկեն օտար դպրոցներ:

«Դպրոցին մէջ ունինք խառն ամուսնութեամբ կազմուած ընտանիքներու զաւակներ: Այդ ընտանիքները աւելի դիւրութեամբ մեզի կու գան` նկատի ունենալով, որ մեր մօտ շատ զօրաւոր են ուսումն ու լեզուները, արաբերէնը, ֆրանսերէնը, նաեւ` անգլերէնը, որուն դասաւանդութիւնը կը սկսի չորրորդէն, եւ երբ աշակերտը հասնի աւարտական դասարան, երբեք նախապատրաստական ծրագիրներու կարիք չունի ամերիկեան թեքումով համալսարան մուտք գործելու: Հետեւաբար ծնողներուն համար ասիկա իսկական ապահովութիւն մըն է. նոյնքան զօրաւոր են նաեւ գիտական նիւթերը, որովհետեւ մեր աշակերտները ընդհանրապէս գիտական ճիւղերու հետամուտ են:

«Այդ իմաստով, ես  բծախնդրութիւնը կ՛ունենամ, որ այն մանուկը, որուն հայրը կամ մայրը հայ չէ, պէտք է ի գին ամէն բանի դպրոցին մէջ մնայ եւ այդ ոգին ստանայ, այդ ապրումով, այդ շունչով հաղորդուի: Դպրոցին մէջ շատ զօրաւոր է մեր բոլոր տօներուն եւ աւանդութիւններուն ապրումը` հոգեւոր եւ ազգային: Մեր մանուկներուն սրտին մէջ նկատելի է աներեւակայելի եռանդ, սէր ու ապրում` հայութեան, հայ շունչին, հայ երգ ու պարին, բանաստեղծութեան եւ մշակոյթին հանդէպ:

Հետեւաբար առաւելագոյն ձեւով կ՛օգնենք խառն ամուսնութիւններուն զաւակներուն, որ մնան հայ դպրոցին մէջ եւ երբեք հարց չունենան: Նախորդ տարի պետական քննութիւններուն շատ լաւ արդիւնքով աւարտած աշակերտ ունեցանք, անոր մասին գրուեցաւ թերթերուն մէջ, ան նաեւ հայագիտական նիւթերու մէջ գերազանց էր, հակառակ անոր որ մայրը տեղացի է, անոր հետ արաբերէն կը խօսի, սակայն նշեալ աշակերտը շատ լաւ հայերէն կը խօսի, յաճախ բեմ բարձրացած է դպրոցի զանազան ձեռնարկներուն: Բայց կան նաեւ ուրիշներ, որոնք նոյն զգացումն ու մօտեցումը չունին: Կը ջանանք օգնել անոնց եւ պահել այդ աշակերտը հայկական դպրոցի մէջ: Այսօր մեր առաքելութիւը ո՛չ միայն դաստիարակել է, այլ պահպանել է հայկականութիւնը իւրաքանչիւր հայ մանուկի սրտին ու հոգիին մէջ, եւ որովհետեւ  կ՛ապրինք սփիւռքի մէջ, բազում մարտահրաւէրներու դէմ յանդիման կը գտնուինք»:

Դպրոցին մակարդակի պահպանման եւ աշակերտներուն վիճակին մասին խօսելով` Հռիփսիմեանցի տնօրէնուհին դիտել տուաւ. «Դպրոցին մէջ շատ մեծ աշխատանք կը տարուի մանկապարտէզէն մինչեւ բարձր դասարաններ ատակ ու մասնագէտ ուսուցիչներու ապահովման ուղղութեամբ, անոնք նաեւ կը հետեւին վերաորակաւորման դասընթացքներու: Վարժարանի պատասխանատու մարմինը քայլ առ քայլ կը հետեւի իւրաքանչիւր աշակերտի, նիւթի, աշխատանքի: Աշխատանքներու բաժանումը լաւագոյնս կը փորձենք կատարել: Կը հաւատամ, որ մնայուն աչք մը պէտք է հետեւի տարուած ընդհանուր աշխատանքներուն:

«Կարեւոր է անդրադառնալ այն երեւոյթին, որ Հռիփսիմեանցը կը նկատուի դպրոց մը, ուր բարեկեցիկ դասակարգի ընտանիքներու զաւակները կը յաճախեն: Ասիկա իրողութեան մէկ երեսն է, որովհետեւ դպրոցը պէտք է կարելիութիւններ ունենայ յառաջդիմելու, արդարօրէն վարձատրելու իր ուսուցչական կազմը եւ այլն: Սակայն կայ նաեւ միւս երեսը. միաբանութեանս առաքելութենէն մեզի փոխանցուած է, որ ամէն հայ, նոյնիսկ ամէնէն խեղճ պայմաններուն մէջ ապրող, պէտք է զարգանայ, արժեւորուի, բարձրանայ, նոյնիսկ գագաթներ հասնի: Այս է սկզբունքը, մեկնակէտը մեր դաստիարակութեան. մեր վարժարանին մէջ կան որբ եւ կարիքաւոր ընտանիքներու զաւակներ: Հայ մայրապետը բացարձակապէս պէտք չէ խտրականութիւն դնէ իր ազգի զաւակներուն միջեւ, հետեւաբար, ամէն հայ մանուկ տեղ ունի մեր յարկին տակ, մենք կ՛ընդունինք զանոնք եւ ամէն կարելիութիւն կու տանք բարձրանալու: Շեշտեմ նաեւ, որ այս ըսելով` չի նշանակեր, որ մենք կը խաբուինք, այլ մենք գիտենք նուիրուիլ, աւելիով տալ, առանց մտածելու, սակայն իսկապէս գիտնալով, թէ իւրաքանչիւր աշակերտ ի՛նչ կացութեան մէջ է:

«Ուստի 95 տարուան կեանք ունեցող այս վարժարանը իր իւրայատուկ առաքելութիւնը ունի. տէր է իր կոչումին, նուիրումին: Հռիփսիմեանցը կը ջանայ հաւատարիմ ըլլալ աստուածային այս վեհ կոչումին», եզրափակեց քոյր Արմինէ Մակարոսեան:

Հռիփսիմեանց վարժարանի փոխտնօրէն Կարպիս Գապասագալեան` պատասխանելով «Ազդակ»-ի այն հարցումին, թէ այսօր գետնի վրայ ի՞նչ պատկերով կը ներկայանայ դպրոցը, ըսաւ.

«Մանկապարտէզի իւրաքանչիւր բաժանմունքը ունի իր առանձին բաժինը, իր զբօսավայրը, նաեւ՝ նախակրթարանը, միջնակարգն ու երկրորդականը, ինչպէս նաեւ դպրոցը ունի իր ընդարձակ կեդրոնական բաժինը:

«Կառոյցը բաւական մեծ է, կան առանձին ուսուցչարաններ, լուացարաններ, խաղավայրեր ու բակեր, սակայն բոլորը առնչուած են իրարու: Այս բաժանումները նաեւ կարելիութիւն կու տան, որ իւրաքանչիւրին պատասխանատուն աւելի մօտէն ու անմիջական կերպով հետեւի աշակերտներուն, տարուած գործունէութեան, ինչպէս նաեւ ունին այն առաւելութիւնը, որ աշակերտ-ուսուցիչ, աշակերտ-յարկի պատասխանատու կապը աւելի դիւրամատչելի ըլլայ»:

Արդիականութեան հետ քայլ պահելու արշաւին մէջ երբեմն կը կորսուի էութիւնը. այս մասին խօսելով` Կ. Գապասագալեան յայտնեց. «Դպրոցը իր կարելիութեան սահմաններուն մէջ որդեգրած է արդիական բոլոր ձեւերը, սակայն այդ բնագաւառը այնքան հսկայական է, որ կարելի չէ հոսանքն ի վեր թիավարել եւ հասնիլ բոլոր նորութիւններուն գոհացում տալու: Իրողութիւն է նաեւ այն, որ արդիականացման զոհը ըլլալը նաեւ իր ժխտական անդրադարձը կ՛ունենայ աշակերտներուն վրայ: Բայց եւ այնպէս տարուէ տարի, փոքր քայլերով անհրաժեշտ յառաջդիմութիւնը կ՛ապահովուի դպրոցին մէջ: Կ՛ուզեմ շեշտել, որ արդիական բոլոր միջոցներու որդեգրումը չէ, որ անպայմանօրէն կրնայ նպաստել սերունդներու լաւագոյն արդիւնքներու ձեռքբերման: Փաստօրէն, այդ բոլոր արդի պայմանները չկան մեր դպրոցին մէջ, սակայն մեր աշակերտներուն արձանագրած արդիւնքները, բոլոր դասարաններուն մէջ, ի յայտ կը բերեն, որ իրենց մէջ ոգին է կարեւորը, կրօնաբարոյական ու ազգային դաստիարակութիւնն է տիրականը, գիտական նիւթերու մէջ հմտութիւնն է ապագայի երաշխիքը:

«Կը հաստատեմ իրողութիւն մը. վերջին տասը տարիներուն վերաբերող բաղդատական մը կատարուած է, հաւաքուած են հայկական դպրոցներու համալսարան յաճախող աշակերտներուն տուեալները: Ուրախութիւն է ըսել, որ Հռիփսիմեանցէն շրջանաւարտները բոլորն ալ համալսարաններ ուղղուած են, եւ ո՛չ միայն կը շարունակեն իրենց ուսումը, այլ կ՛աւարտեն զայն յաջողութեամբ: Այս կը նշանակէ, որ տարեկան Հռիփսիմեանցի շուրջ 20 շրջանաւարտներ իրենց համալսարանական ուսումը իր լրումին կը հասցնեն: Մեր շրջանաւարտներուն վերաբերող այդ դրական տուեալը ինքնին պատիւ մըն է թէ՛ դպրոցի վարկին եւ թէ՛ այն սկզբունքին` միաբանութեան առաքելութենէն մեկնած, որ իսկական առողջ դաստիարակութիւն կը ստանայ աշակերտը, որ ատակ է շարունակելու իր ուսումը մինչեւ համապատասխան վկայականի ձեռքբերում: Ասիկա մեծ վարկ մըն է դպրոցին, հպարտ ենք մեր շրջանաւարտներով: Մեզի համար մեծ ուրախութիւն է անշուշտ արտաքին աշխարհին մէջ անոնց ձեռք բերած այդ յաջողութիւնը», եզրափակեց փոխտնօրէնը:

Scroll Up