Երաժշտական Փառատօն Աքթոպէի ՄԷջ` Նուիրուած Առնօ Բաբաջանեանին

«Հայերն այսօր»-ի փոխանցմամբ` մայիս 19-ին Աքթոպէի մէջ «Ուրարտու» հայկական մշակութային կեդրոնի նախագահ Հայկ Տէրտէրեանի նախաձեռնու­թեամբ կազմակերպուած է երաժշտական փառատօն` նուիրուած Առնօ Բաբաջանեանի ծննդեան 96-ամեակին, որուն մասնակցած են Ղազախստանի մէջ ՀՀ դեսպան Արա Սահակեան, ինչպէս նաեւ ներկայացուցիչներ Ղազախստանի տարբեր մարզերու հայկական համայնքներէն: Նախօրէին Ղազախստանի Рика ТВ հեռուստատեսութեամբ ձեռնարկին, ինչպէս նաեւ հայ-ղազախական յարաբերութիւններուն մասին ելոյթ ունեցած է  դեսպան Արա Սահակեան:

Փառատօնը լայն արձագանք գտած էր Ղազախստանի մէջ: Ըսուածի վառ ապացոյցն է այն, որ մասնակիցներուն մէջ էին ազգութեամբ ղազախ 21 երաժիշտներ` դաշնամուր, ջութակ. վոկալ:

Արդէն ձեւաւորուած աւանդոյթին համաձայն` օրը սկսաւ Ռուսական եկեղեցւոյ բակին մէջ տեղադրուած Հայկական խաչքարին մօտ եւ Աքթովի մէջ 1937 թ. քաղաքական հալածանքներու ու բռնաճնշումներու զոհ դարձած հարիւրաւոր մարդոց գնդակահարութեան վայրին մէջ անմեղ նահատակներու յիշատակին յարգանքի տուրք մատուցելով: Դեսպանն ու համայնքի ներկայացուցիչները ծաղիկներ խոնարհեցին, ծառեր տնկեցին յուշարձանին մօտ: Ծրագիրը կը ներառէր նաեւ հանդիպում ՂՀ Աքթիւպինսկի մարզպետին հետ:

Փառատօնը մեծ ոգեւորութիւն յառաջացուցած էր մարզին մէջ, որ ի դէպ կը զբաղեցնէ 300  հզ քմ տարածք, որ 10 անգամ մեծ է ՀՀ տարածքէն եւ իր չափերով հաւասար է պատմական Հայաստանի տարածքին: Այստեղ կայ ստուարաթիւ եւ կազմակերպուած հայկական համայնք:

Նմանօրինակ նախաձեռնութիւնները կը նպաստեն հայ-ղազախական բարեկամութեան ամրապնդման ու խորացման, քանի որ արուեստը կը միաւորէ մարդոց:

unnamed-2unnamed-3 unnamed-4unnamed-5

 

Scroll Up