Քալիֆորնիոյ Նահանգային Ծերակոյտը Յաւելեալ 3 Մլն Տոլար Կը Յատկացնէ Հայ-Ամերիկեան Թանգարանի Կառուցման Նախագիծին

Քալիֆորնիոյ նահանգային Ծերակոյտի պիւտճէի հարցերով յանձնաժողովը հաւանութիւն տուած է Կլենտէյլ քաղաքին մէջ Հայ-ամերիկեան թանգարանի կառուցման նախագիծին յաւելեալ 3 մլն տոլար տրամադրելու առաջարկին:
Ինչպէս կը նշէ Asbarez-ը, առաջարկը ներկայացուած է բարձրաստիճան ծերակուտականներ Էնթընի Փորթանթինոյի, Քեւին տէ Լէոնի եւ պիւտճէի հարցերով ենթայանձնաժողովի նախագահ Ռիչարտ Ռոթի նախաձեռնութեամբ:
Յայտնի է, որ Հայ-ամերիկեան թանգարանի գործադիր կոմիտէի անդամ Զաւէն Գազազեան նահանգային Ծերակոյտէն 4 մլն տոլար խնդրած էր, սակայն որոշուած է 3 մլն յատկացնել:
«Քալիֆորնիան միշտ ալ աջակցած է կարեւոր թանգարանային նախագիծերուն, եւ իմ ցանկութիւնս էր, որ հայկական թանգարանին արժանի ուշադրութիւն եւ աջակցութիւն ցուցաբերուի: Մեծ ձեռքբերում է, որ նահանգային սենատի պիւտճէի հարցերով յանձնաժողովը համաձայնած է 3 մլն տոլար յատկացնել ի յաւելումն աւելի վաղ նահանգային պիւտճէին կողմէ այս նախագիծին յատկացուած գումարին»,-նշած է Փորթանթինոն:
Աղբիւրը կը յիշեցնէ, որ նախորդ տարի Քալիֆորնիոյ նահանգապետ Ճերի Պրաունը նահանգի 2016-2017թթ. պիւտճէէն 1 մլն տոլար յատկացուցած է Կլենտէյլ քաղաքին մէջ Հայ-ամերիկեան թանգարանի կառուցման նախագիծին:
Նշենք, որ կառուցուելիք Հայ-ամերիկեան թանգարանի շէնքը կը ներառէ ցուցասրահներ, ուսուցողական կեդրոններ, փոքրիկ թատրոն ու դասասենեակներ: 1.7 հա մակերեսով թանգարանը դուրսէն շրջապատուած կ´ըլլայ գեղեցիկ պարտէզով: