Լա Վըրնի Համալսարանը Մեծարեց Դոկտ. Կարպիս Տէր Եղիայեանը

Մայիս 18ին կայացած հանդիսութեան մը ընթացքին, Լա Վըրնի(Քալիֆորնիա) համալսարանի տնօրէն դոկտ. Տեւորա Լիպըրմըն, հռչակագիրով մը մեծարեց դոկտ. Կարպիս Տէր Եղիայեանը, անոր հաստատած «Մաշտոց» քոլեճի հիմնադրութեան 25ամեակին, ինչպէս նաեւ անոր կրթական եւ հասարակական գործունէութեան 40ամեակին առիթներով։ Այս մասին կը յայտնէ Asbarez.com-ը:

Լիպըրմըն յիշեցուց, որ դոկտ. Կարպիս Տէր Եղիայեան 16 տարիներ եղած է Լա Վըրնի համալսարանին մէջ գործած Ամերիկահայ քոլեճի տնօրէնը, եւ դրուատեց նաեւ «Ռոթըրի Ինթըրնեշընըլ» կազմակերպութեան ճամբով անոր մատուցած սպասարկութիւնները՝ աւելցնելով, որ դոկտ. Տէր Եղիայեանի ջանքերով կարելի եղած է այդ կազմակերպութեան մասնաճիւղ մը հիմնել նախկին Խորհրդային Միութեան սահմաններէն ներս, Երեւանի մէջ։

Իր կարգին, դոկտ. Կարպիս Տէր Եղիայեան շնորհակալութիւն յայտնեց այս պատիւին առթիւ, որ իրեն համար յատուկ իմաստ մը ունի, որովհետեւ՝ «այս համալսարանին մէջ, 40 տարի առաջ, սկսած է իմ արհեստավարժ առաքելութիւնս», ըսաւ ան։

 

 

 

 

 

 

Scroll Up