Արամ Ա. Կաթողիկոս Կ՛այցելէ Քուէյթի Մէջ Լիբանանի Եւ Հայաստանի Դեսպանատուներ

Քուէյթ իր հովուապետական այցելութեան ծիրին մէջ, Արամ Ա. կաթողիկոս յաջորդաբար այցելեց Լիբանանի եւ Հայաստանի դեսպանատուները:
Քուէյթի մէջ Լիբանանի դեսպան Մահեր Խէյր լիբանանեան յատուկ հիւրասիրութեամբ եւ բացառիկ ընդունելութեամբ դիմաւորեց վեհափառ հայրապետը: Ընդունելութեան ներկայ էին նաեւ լիբանանեան համայնքի ներկայացուցիչներ, բարձրաստիճան անձնաւորութիւններ, հոգեւոր պետեր եւ Քուէյթի մէջ գործող շարք մը դեսպաններ:
Ճաշկերոյթի սկիզբը խօսք առնելով դեսպանը ջերմօրէն ողջունեց վեհափառ հայրապետին ներկայութիւնը լիբանանեան հողին վրայ: Այս առիթով դեսպանը անդրադարձաւ վեհափառ հայրապետի դերակատարութեան Լիբանանի ու Միջին Արեւելքի մէջ, ինչպէս նաեւ միջազգային մակարդակի վրայ` իբրեւ կրօններու միջեւ համերաշխութեան, հանդուրժողութեան ու գործակցութեան առաքեալ: Ան նաեւ շեշտեց հայ համայնքին դերակատարութեան կարեւորութիւնը Լիբանանի մէջ:
Ապա, ճաշկերոյթին մասնակից շուրջ հարիւր հրաւիրեալներու ներկայութեան խօսք առնելով անգլերէնով եւ ֆրանսերէնով, Արամ Ա. կաթողիկոս ընդգծեց Լիբանանի իւրայատուկ դիմագիծը` իբրեւ կրօններու ու մշակոյթներու միջեւ կենդանի համակեցութեան երկիր, եւ այս ծիրին մէջ բաղդատական մը ըրաւ Քուէյթի եւ Լիբանանի միջեւ` զանոնք նկատելով երկխօսութիւնը կեանքի վերածած երկիրներ: Վեհափառ հայրապետը նաեւ անդրադարձաւ Լիբանանի հայ համայնքին, որ կը շարունակէ կարեւոր ներդրում բերել Լիբանանի հզօրացման ու զարգացման մէջ:
Ճաշկերոյթի աւարտին տեղի ունեցաւ յուշանուէրներու փոխանակում:
Վեհափառ հայրապետը իրեն ընկերացող պատուիրակութեան հետ այցելեց նաեւ Հայաստանի դեսպանատուն: Քուէյթի մէջ Հայաստանի դեսպանին բացակայութեան գլխաւոր հիւպատոս Լեւոն Պետրոսեան ջերմօրէն ողջունեց վեհափառ հայրապետին այցելութիւնը Քուէյթ, եւ մանաւանդ ներկայութիւնը Հայաստանի դեսպանատան մէջ: Ան անդրադարձաւ Քուէյթի եւ Հայաստանի միջեւ տակաւ աճող յարաբերութեան, ինչպէս նաեւ սփիւռքի եւ Հայաստանի միջեւ գործակցութեան, եւ այդ ծիրին մէջ Քուէյթի հայութեան բերած կարեւոր նպաստին:
Արամ Ա. կաթողիկոս իր կարգին ուրախութիւն յայտնեց, որ Քուէյթի մէջ հաստատուած Հայաստանի դեսպանատունը լծուած է երկու երկիրներուն միջեւ դիւանագիտական ու տնտեսական յարաբերութիւններու առաւել զարգացման ու ծաւալման: Քուէյթի իշխանին հետ ունեցած իր հանդիպումին ակնարկելով` վեհափառ հայրապետը նշեց, որ Քուէյթի հայութեան նկատմամբ յատուկ յարգանք մը ունի ան: Ապա աւելցուց, որ սփիւռքի հայութիւնը ո՛ւր որ ալ գտնուի միշտ կը մնայ հաւատարիմ այդ երկրի օրէնքներուն, մասնակից կը դառնայ այդ երկրի յառաջդիմութեան, միաժամանակ առաջնահերթութիւն կը նկատէ իր գործօն մասնակցութիւնը բերել Հայաստանի հզօրացման ու ծաղկման աշխատանքներուն: Արամ Ա. կաթողիկոս վստահեցուց, որ նոյն այս ոգիով քուէյթահայութիւնը պիտի շարունակէ իր գործօն զօրակցութիւնը Հայաստանի առաւել զարգացման:
Յայտնենք, որ թէ՛ Լիբանանի դեսպանը եւ թէ՛ Հայաստանի գլխաւոր հիւպատոսը օդակայանէն սկսեալ ընկերացան վեհափառ հայրապետին բոլոր հանդիպումներուն ու այցելութիւններուն: