«Արփա» Հիմնարկի 25-ամեակին Նուիրուած Գիտաժողով Եւ Ճաշկերոյթ

Կազմակերպութեամբ Հայաստանի համար վերլուծութեանց, ուսումնասիրութիւններու եւ ծրագրումի «Արփա» հիմնարկին, Շաբաթ, Յուլիս 15-ին, Կլենտէյլի «Սիվիք Սենթըր»ի սրահին մէջ (1401 N. Verdugo Rd. Glendale, CA 91208) տեղի պիտի ունենան «Արփա» հիմնարկի 25-ամեակին նուիրուած գիտաժողով եւ ճաշկերոյթ-տօնակատարութիւն։
«Լիազօրել, Նորարել, Ձեւափոխել» ընդհանուր խորագիրին տակ կայանալիք երկու ձեռնարկներէն առաջինը՝ «Հայերն ու Հայաստանը 21-րդ դարուն. Երկարամեայ զարգացման ռազմավարութիւն» խորագրեալ գիտաժողովն է, որ պիտի սկսի առաւօտեան ժամը 10-ին ու պիտի շարունակուի մինչեւ կ.ե. ժամը 5։
Ընթացքին, բարի գալուստի խօսքեր պիտի արտասանուին հիմնարկի նախագահ դոկտ. Յակոբ Փանոսեանի եւ գիտաժողովի ատենապետ դոկտ. Միհրան Աղպապեանի կողմէ, ապա իբրեւ գլխաւոր բանախօս՝ ելոյթ պիտի ունենայ դոկտ. Երուանդ Զօրեան, կեդրոնանալով յատկապէս Հայաստանի մէջ արդի արհեստագիտութեան զարգացման վրայ։
Կ.ա. ժամը 11։15-ին սկսող եւ «Հայաստան» խորագրուած առաջին նիստը պիտի քննէ Հայաստանի տնտեսութեան բարգաւաճման կարելիութիւնները։ Նիստի ատենապետն է դոկտ. Քարլա Կարապետեան, իսկ անոր ընթացքին ելոյթներ պիտի ունենան դոկտ. Քինկ Բանեան, դոկտ. Տէյվիտ Ճուլֆայեան եւ դոկտ. Թաթուլ Մանասէրեան։ Քննարկումին պիտի մասնակցին նաեւ դոկտ. Արա Խանճեան եւ Մարք Շէնեան։
Կ.ե. ժամը 2։30-ին սկսող եւ «Հայաստան-Սփիւռք» խորագրուած երկրորդ նիստը պիտի քննէ Հայաստան-Սփիւռք կապերը՝ ընկերաքաղաքական զարգացումներու պարունակէն ներս։ Նիստի ատենապետն է դոկտ. Յասմիկ Պարան, իսկ անոր ընթացքին ելոյթներ պիտի ունենան դոկտ. Ռազմիկ Շիրինեան, դոկտ. Հրաչ Չիլինկիրեան եւ դոկտ. Իրինա Ղափլեանեան։ Քննարկումին պիտի մասնակցին իրաւաբան Էտկար Մարտիրոսեան եւ դոկտ. Քարլա Կարապետեան։
Երկու նիստերու աւարտին նախատեսուած է հարցում-պատասխանի բաժին մը։
Գիտաժողովին մուտքը ազատ է։
Նոյն օրը, երեկոյեան ժամը 7-էն սկսեալ, նոյն սրահին մէջ տեղի պիտի ունենայ 25-ամեակի տօնակատարութիւնը, որուն հասոյթէն գոյացած գումարը պիտի տրամադրուի Հայաստանի մէջ «նենօ» (գերփոքրածաւալ) արհեստագիտութեան նուիրուած կեդրոն հիմնելու ծրագիրին, որուն նպատակն է զարկ տալ երկրին մէջ դեղագործական, բժշկական եւ գիտական այլ մարզերու նորարարութեանց։
Յաւելեալ տեղեկութեանց կամ հովանաւորելու կարելիութեանց ծանօթանալու համար, դիմել (818) 453-0618 թիւին կամ info@arpainstitute.org հասցէին։ Մինչեւ Յունիս 20, ձեռնարկը հովանաւորելու պատրաստակամութիւն յայտնողներուն անունները կարելի պիտի ըլլայ զետեղել ձեռնարկին յատուկ գրքոյկին մէջ։