Տեւիսի Համալսարանին Մէջ «Հայ Ուսանողներու Ընկերակցութիւն» Ստեղծուած Է

Տեւիսի համալսարանին մէջ(ԱՄՆ) «Հայ ուսանողներու ընկերակցութիւն»  ստեղծուած է (ASA), որուն մասին կը հաղորդէ Slavicsac-ը:

Ընկերակցւթեան հայ անդամները կը ծանօթանան իրարու  հետ` ուսումնասիրելով հայոց բազմադարեան մշակոյթն ու պատմութիւնը, ինչպէս նաեւ ատոնց նուիրուած ձեռնարկներ կազմակերպելով:

«Մեր ամենամեծ ձեռնարկներէն մէկը հայկական հարսանիքի ներկայացումն էր: Հարսանիքը հայկական մշակոյթի կարեւոր մասն է: Այն մեծ կրօնական արարողութիւն է: Սակայն մեր բեմականացման մէջ այն ներկայացուած չէր իր բոլոր մանրամասնութիւններով, որովհետեւ գլխաւոր նպատակը զուարճանալն էր: Մեր հանդիսատեսի առնուազն կէսը հայեր չեն, անոնց պարզապէս կը հրաւիրեն ընկերները»-,ըսած է չորրորդ շրջանի ուսանողուհի Գայեանէ Մալայեան, որ կը մասնագիտանայ կենսաբանութեան ու երաժշտութեան մէջ:

Սակայն ASA-ն միայն հասարակական ձեռնարկներով չզբաղուիր: Խումբի ամենակարեւոր արշաւներէն  մէկը տեղի կ´ունենայ Ապրիլ 24-ին: Արշաւի անդամները պաստառներով փողոց դուրս կու գան ու կարգախօսներ կը վանկարկեն` ի նշան ԱՄՆ-ի` Հայոց ցեղասպանութիւնը չճանչնալու դէմ բողոքի:

«Ես կը սիրեմ  մասնակցիլ բողոքի ցոյցերուն այլ հայերու հետ միասին: Ես չեմ վախնար կամ  անյարմար չեմ զգար` այստեղ կանգնելով եւ կարգախօսներ վանկարկելով: Ես կը  զգամ միւս հայերու աջակցութիւնը: Մեր ժողովուրդը հարուստ պատմութիւն ունի` ողբերգութիւններով ու ձեռքբերումներով հանդերձ»,-ըսած է Գայեանէ Մալայեան:

 

 

Scroll Up