Կիպրահայ Նկարչուհի Ազնիւ Փափազեանի Ցուցահանդէսը

26 Ապրիլ 2017-ին, Նիկոսիոյ «Կլորիա» ցուցասրահին մէջ՝  բացումն էր կիպրահայ նկարչուհի Ազնիւ Փափազեանի արուեստի գործերուն:  Հրավառութիւն մը՝  վառ թէ մեղմ գոյներու, երփներանգ երանգներու, գիծերու, պատկերներու….որոնց ներշնչման աղբիւրը Ազնիւ Փափազեանի շրջապատող աշխարհն է, բնութեան տարրերէն մինչեւ մարդիկ, բնութեան տեսարաններէն մինչեւ ամէնէն համեստ ծաղիկն ու խոտը, ծառն ու տերեւը, պտուղն ու քարը, մոմն ու պուպրիկը, խեցին ու պղպեղը, ղափաման ու փուչիկը…, եւ տակաւին՝  նուռն ու խաչքարը, հայ եկեղեցին ու Արարատը…., որոնք նոր կեանք առած կը վերստեղծուին, կը համադրուին իր վրձինի կամ մատիտի հմուտ  հարուածներուն տակ, կը դառնան լուսաճառագ պաստառ, ըսելիք ունեցող նկար, կրելով ցոլանքը իր հոգւոյն, թրթիռը իր սրտին, իր ներքին լոյսն ու ճառագայթը….

Արուեստասէր հոծ բազմութիւն մը խռնուած էր «Կլորիա» ցուցասրահին մէջ, պաշտօնական բացումի նշեալ ժամէն շատ առաջ, վայելելու արուեստի մաքուր ու  անապական օդը, ազնիւ եւ ազնուացնող ճաշակը:  Ներկայ էին Կիպրոսի Թեմի Կաթ. Փոխ. Գերաշնորհ Տէր Խորէն Արք. Տողրամաճեան, Կիպրահայ Պետական Ներկայացուցիչ Տէր եւ Տիկ, Վարդգէս Մահտեսեան, ազգային մարմիններու ներկայացուցիչներ, մամուլի ներկայացուցիչներ եւ հայ, յոյն մարդաշատ գեղարուեստասէր հանրութիւն մը:

Կիպրայոյն յայտնի նկարիչ Անտրէաս Խարալամպուս՝  իր բովանդակալից խօսքին մէջ, ներկայացուց Ազնիւ Փափազեան նկարչուհիին անցած ճանապարհը եւ բարձր արժեւորեց անոր արուեստը: Ան յատկապէս ըսաւ. «Ազնիւը ծնած է հայ ծնողներէ…Հայրը՝  Կարապետ Փափազեան, յայտնի ուսուցիչ էր եւ մտաւորական, իր նախնիները կու գան Պուրսայէն, անոնք արուեստի եւ մշակոյթի բնագաւառի մարդիկ  եղած են, որոնց շունչը որոշապէս փոխանցուած է իրեն: Ան շրջանաւարտ է Մելգոնեան Կրթական Հաստատութենէն:  Բարձրագոյն ուսումը ստացած է Պէյրութի Ամերիկեան համալսարանին մէջ, հետեւելով առեւտրական ճիւղին եւ ստանալով համապատասխան Մագիստրոսի վկայական:

 1980-ական թուականներու սկիզբը, ան սկսաւ հետեւիլ արուեստի դասընթացքներու իմ Արուեստի Դպրոցիս մէջ, սկիզբէն իսկ ցուցաբերելով բծախնդիր լրջութիւն արուեստի նկատմամբ: Անցնող ժամանակին հետ, յայտնի դարձաւ որ արուեստը տիրական տեղ պիտի գրաւէր իր համակ կեանքին մէջ:  Ան իր ամբողջական ուշադրութիւնն ու ներուժը նուիրած է անոր: Ազնիւ Փափազեանի արուեստը կը կրէ յատկապէս հայ երկու մեծ արուեստագէտներու՝  Մարտիրոս Սարեանի եւ Մինաս Աւետիսեանի ազդեցութիւնը, հայկական բարձր մշակոյթի դրոշմը…

Ազնիւ Փափազեանի ոճը կարելի է բնութագրել որպէս արտայայտչապաշտ՝  լայն տարածքի վրայ, «ֆիկիւրաթիվ»էն մինչեւ վերացական:

Ցուցահանդէսին ցուցադրուած են իր վերջին տասնըմէկ տարիներու աշխատանքը՝  շուրջ 110 գործեր, որոնք կ’ընդգրկեն դիմանկարներ, բնանկարներ, ծովանկարներ, կեանքի պատկերներ, «նաթիւր մորթ», տարբեր եւ բազմատեսակ համադրութիւններ….Իր նիւթերն են՝  իւղաներկ, աքրիլիկ, մատիտաներկ, ածխաներկ, չինական մելան, գրիչ, գունաւոր մատիտ, ջրաներկ, կուաշ, թուղթ, կտաւ եւ այլ:

Ազնիւ Փափազեան ցարդ ցուցահանդէսով հանդէս եկած է Երեւանի մէջ, Նիկոսիոյ մէջ, մաս առած է խմբային բազում ցուցահանդէսներու, այս ցուցահանդէսը ըլլալով իր անհատական երրորդ ցուցահանդէսը…»: Յարգելի նկարիչը իր խօսքը աւարտեց, ըսելով. «Ես կը մաղթեմ որ Ազնիւ Փափազեան շարունակէ ստեղծագործել եւ գեղարուեստական բերկրանք պատճառել մեզի եւ աշխարհին»:

Այնուհետեւ, Տէր Խորէն Արքեպիսկոպոս Տողրամաճեան ողջոյնի եւ գնահատանքի ջերմ խօսքով շնորհաւորեց նկարչուհի Ազնիւ Փափազեանը եւ մաղթեց, որ ան շարունակէ ստեղծագործել եւ գեղարուեստական ուրախութիւն պատճառել բոլորին:

Ներկաները, այնուհետեւ, պատկեր առ պատկեր եւ պաստառ առ պաստառ, շրջեցան ցուցասրահի երկու յարկերուն, զմայլանքով դիտելով Ազնիւ Փափազեանի նկարչական երկերը, ըմբոշխնելով անոր իւրայատուկ ոճը, գեղեցիկի եւ աշխարհի իր ինքնատիպ ընկալումը, գունային եւ գծային սեփական ոճը…որ իր հոգիի ճառագայթումն է մատուցուած մեզի եւ աշխարհին…

Եւ այդ ճառագայթումին մէջ կայ էապէս հայու հոգին, որ գիտէ հայուն վէրքն ու տուայտանքը փոխակերպել երգի եւ մեղեդիի, գունագեղ պաստառներէն առկայծող յոյսի եւ  լոյսի…

Ջերմօրէն շնորհաւորելով տաղանդաւոր նկարչուհին՝  իր երրորդ անհատական ցուցահանդէսին առիթով, իրեն կը մաղթենք ստեղծագործական նորանոր բռնկումներ, նորանոր արարումներ ի փառս արուեստին ընդհանրապէս եւ հայկական մշակոյթին մասնաւորապէս:

ԵՐԱՆ  ԳՈՒՅՈՒՄՃԵԱՆ

unnamed-1 unnamed-2

Scroll Up