Հայաստանի Պատուիրակութիւնը Սթամպուլի Մէջ Կը Մասնակցի Սեւծովեան Տնտեսական Համագործակցութեան 25-ամեակին Նուիրուած Գագաթնաժողովին

Սթամպուլի մէջ Մայիս 22-ին մեկնարկեց Սեւծովեան տնտեսական համագործակցութեան կազմակերպութեան 25-ամեակին նուիրուած գագաթնաժողովը, որուն կը մասնակցի նաեւ Հայաստանի պատուիրակութիւնը:
Ինչպէս կը յայտնէ Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարի մամուլի խօսնակ Տիգրան Բալայեան, Հայաստանի պատուիրակութիւնը կը գլխաւորէ Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարի տեղակալ Աշոտ Յովակիմեան:
Մինչ գագաթնաժողովին մեկնարկը տեղի ունեցած են կազմակերպութեան անդամ երկիրներու արտաքին գործոց նախարարներու խորհուրդի անդամներուն, ինչպէս նաեւ առողջապահութեան, գիւղատնտեսութեան, տնտեսութեան ոլորտները համակարգող գերատեսչութիւններու ղեկավարներու հանդիպումը: Այդ հանդիպումներուն ընթացքին քննարկուած են գագաթնաժողովի նախապատրաստական աշխատանքները: